Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014 - Բաշքալէի Սուրբ Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ հին տեսքը պիտի վերականգնուի
Թուրքիա
Թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Վանի Բաշքալէ շրջանին մէջ սահմանային զօրամասին հեռանալուն պատճառով այցելուներու համար վերաբացուած 1700-ամեայ Սուրբ Բարթուղիմէոսի նուիրուած եկեղեցին պիտի վերակառուցուի նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան կողմէն: Վերակառուցումէն ետք կը նախատեսուի եկեղեցին հին տեսքին բերել:
Շրջանէն 23 քիլոմեթր հեռու գտնուող բարձունքին վրայ կառուցուած եկեղեցին ենթադրաբար Քրիստոսի առաքեալներէն Բարթուղիմէոսին նուիրուած է, եւ առաքեալին մարմինը հոն թաղուած է: Այդ պատճառով եկեղեցին քրիստոնեաներուն համար կարեւոր ուխտավայր կը նկատուի: Վերակառուցման աշխատանքները արդէն սկսած են: Կը նախատեսուի եկեղեցւոյ վերակառուցումէն ետք հոն հոգեւոր արարողութիւններ կատարել, որուն շնորհիւ ալ եկեղեցին զբօսաշրջական կեդրոն դառնալու կարելիութիւն պիտի ունենայ:
|