Մոնրէալ, Գանատա
Կիրակի 6 Մայիս 2007ին, Մոնրէալի հայ կաթողիկէ եկեղեցին կ’ուրախանար մանաւանդ ծնողներուն հետ եւ պատանիներուն, որոնք կատարեցին իրենց Առաջին Հաղորդութիւնը Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի կոչուած եկեղեցւոյ մէջ: Այս ժողովրդապետութիւնը մեծապէս հրճուեցաւ 25 պատանիներուն համար, որովհետեւ քաջ գիտէ թէ երիտասարդները ապագան են այս եկեղեցւոյ: Սուրբ Պատարագը մատուցեց Տիրամար Նարեկի ժողովրդապետ եւ Ընդհանուր Փոխանորդ Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Հայ Կաթողիկէ Թեմին՝ Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Զապարեան:
Մոնրէալի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին կրնաք կարդալ հետեւեալ կայքէջին մէջ.
www.eacn.ca