Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2013 - Արաբական Երկիրներու եկեղեցական պետերու համագումար Ամմանի մէջ

Ամման, Յորդանան

Յորդանանի թագաւորին, Վսեմաշուք Ապտալլահ Բ.­ի հրաւէրով` եւ հովանաւորութեամբ Իշխան Ղազի պէն Մոհամմատի, երեքշաբթի 3 Սեպտեմբերին` տեղի ունեցաւ բացումը սոյն համագումարին, որուն հրաւիրուած էին Միջին Արեւելքի բոլոր Պատրիարքներն ու Եկեղեցապետերը։ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը ներկայացնէր Գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Քէլէկեան, առաջնորդ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Կաթողիկէ Հայոց։

Առաջին օրը կէսօրին, բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան թագաւորական պալատ, ուր առանձին առանձին ձեռնուեցան Ապտալլահ Բ. Թագաւորին հետ եւ իրենք զիրենք ներկայացուցին, ապա ամէնքը հրաւիրուեցան ճաշի թագաւորական սեղանին։ Նիստերը արդէն սկսած էին նոյն առաւօտեան եւ ութը նիստերու ընթացքին քննարկուեցան զանազան երկիրներու մէջ ծագած հարցերը այսպէս ըսուած արաբական գարունի հետեւանքով։ Նախ Եգիպտոսի հարցերը, ապա Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի, ի վերջոյ Յորդանանի եւ Երուսաղէմի հարցերը։ Չորեքշաբթի երեկոյեան` համագումարը փակուեցաւ երկու ընդհանրական նիստերով։

Առաջին օրուայ երեկոյեան` բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան Յորդանան գետի մկրտութեան վայրը, ուր հիւրասիրուեցան Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ վանականներէն։ Իսկ չորեքշաբթի երեկոյեան` ամէնքը հրաւիրուած էին Ամմանի Յոյն Ուղղափառներու ակումբը ընթրիքի համար։ Թագաւորական պալատը ապահոված էր բոլոր ներկաներու երթուդարձի տոմսերը, ինչպէս նաեւ կեցութիւնը թագաւորական Րուայալ մեծանուն պանդոկին մէջ։

Ընդհանուր գաղափարը այն էր թէ ինչպէս համոզել արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու չգաղթելու ներկայ դժուարութիւններու պատճառաւ, եւ ջանալու լեզու գտնել իսլամական զարթնող եւ երբեմն մոլեռանդ մտայնութեան հետ։ Իսլամութիւնը բռնութեան կրօնք չէ, այլ հանդուրժողութեան եւ խաղաղութեան. Ուստի հարկ է համբերել տեղի ունեցած անտեղի պոռթկումներուն, որոնք պիտի հանդարտին, ստեղծելով խաղաղ մթնոլորտ մը, ուր դարձեալ միասին պիտի ապրին ու գործեն իսլամ եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնները։

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն էին սոյն համագումարին` Գերշ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, Պատրիարք Երուսաղէմի, Գերշ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Իրանէն,  ներկայացուցիչ Արամ Ա. Վեհափառին, Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան, Լիբանանէն, Գերշ. Աւագ Արք. Ասատուրեան, Իրաքէն, Գերշ. Վահան Արք. Թօփճեան, Յորդանանէն։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ներկայացուած էր յանձին Գերպ. Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Քէլէկեանի, Առաջնորդ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի, եւ Գեր. Հայր Վարագ Վրդ. Պէրպէրեանի, ժողովրդապետ Ամմանի։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ