Չորեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2010 - Հայր Րաֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեան կը բանախօսէ մշակոյթ եւ կրօնք փոխյարաբերութեանց մասին
Հռոմ, Իտալիա
Չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2010, ժամը 12-ին, Հռոմի Յիսուսեաններու քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, «լրատուական եւ հաղորդամիջոցներու արհեստագիտութիւններու կեդրոն»ի համագումարին ընթացքին խօսք առաւ գերապայծառ հայր Րաֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեան, որ խօսեցաւ մշակոյթ եւ կրօնք փոխյարաբերութեանց մասին։ Ան ուսումնասիրեց մշակութային մարդաբանական սահմանումը, ապա զանազան կրօնական սահմանումներ ներկայացուց մշակոյթ հասկացողութեան մասին: Հայր Րաֆայէլ ներկայացուց նաեւ մարդկային արժէքները, ուր շեշտը դրաւ մարդուն վրայ որպէս հիմնական արժէք, որովհետեւ Աստուծմէ ստեղծուած է ան:
Վերջապէս հոգեխօսութիւնը ըսաւ ան մարդուն ամբողջութիւնը կը հասունցնէ, յոյս կը ներշնչէ: Ապա փակեց իր խօսքը ըսելով թէ այսօրուան հոգեխօսութիւնը մարդուն առօրեային հետ կ՚ընթանայ, ուր ան կը հանդիպի Աստուծոյ՝ իր արարիչին:
Նոր արհեստագիտութիւններու այս համագումարը կազմակերպուած էր Իտալիոյ ազգային հետազօտական խորհուրդին կողմէն:
Նշենք, որ հայր Րաֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեան նախագահն է հայ կաթողիկէ պատրիարքական ընկերային հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին, որ կազմակերպեց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային հաղորդամիջոցներու Ա. Համագումարը Պէյրութի մէջ, 24 եւ 25 սեպտեմբեր 2010-ին։
|