Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2014 - Միսաք Թերզեանի «Յաւերժական Երազ» ցուցահանդէսի բացում
Պէյրութ
Գեղանկարիչ Միսաք Թերզեանի 48 ինքնատիպ ստեղծագործութիւններու «Յաւերժական երազ» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ «Այ.Պի.Էլ.» դրամատան տնօրէն Սալիմ Հապիպի եւ ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ եւ օտար արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու, որոնց շարքին կը գտնուէին նախկին նախարար Մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։
Այս առթիւ, ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի ձեռամբ յուշատախտակ մը ստանալէ ետք արտասանած խօսքին մէջ, Սալիմ Հապիպ գնահատեց Միսաք Թերզեանի արուեստը եւ յատկապէս ցուցահանդէսի թեմային ընտրութիւնը, ըսելով որ երազը կարեւոր է մարդկային կեանքի յառաջընթացին մէջ, որովհետեւ առանց երազի կարելի չըլլար նուաճումներ արձանագրել։ Միաժամանակ գնահատելով ցուցասրահին գործունէութիւնը, ան ըսաւ որ առանց մշակոյթի կարելի չէ պատկերացնել ազգի մը զարգացումն ու գոյատեւումը։
Հուսկ խօսք առնելով, Միսաք Թերզեան յայտնեց թէ այս ցուցահանդէսով իր նպատակը եղած է իր երազներուն եւ թռիչքներուն հաղորդակից դարձնել արուեստասէր հասարակութիւնը։ Ան ըսաւ որ երազը մարդու կեանքին մէջ սահմանափակում չունեցող անհրաժեշտութիւն մըն է։
|