Երկուշաբթի, 18 Յունիս 2012 - Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէս եւ վկայականներու բաշխում


Պուրճ Համմուտ

Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Ալեքսանտր Սերմանուկեան, Վանա Սեֆէրեան եւ Ժորժ Կէօզիւկիւչիւքեան: Անոնք շեշտեցին, թէ Մեսրոպեանի մէջ անցուցած են հաճելի եւ դաստիարակիչ օրեր: Բարի գալուտի խօսքերուն յաջորդեց արաբերէն ասմունք մը, որմէ ետք աշակերտները երգեցին արաբերէն եւ ֆրանսերէն երգ մը:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի տնօրէն տիկին Մարիա Պէօճէքեան, որ նշեց, թէ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ ոչինչ կը խնայէ մանկապարտէզի յառաջդիմութեան համար:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրին վարժարանին: Տիկին Պէօճէքեան ըսաւ, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները երեքամեայ կրթութիւնը ամբողջացնելէ ետք, արդէն պատրաստ են մուտք գործելու նոր հանգրուան մը:

Իր հայրական պատգամը փոխանեց արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ ծնողներուն փոխանցեց, թէ այս հանդէսը նոյնինքն ցուցանիշ է հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանի իրենց ընտրութիւնը արդարացի է եւ ճշգրիտ: Գերապայծառը ըսաւ, որ Մեսրոպեանի մէջ մանուկներու հոգիները կը թրծուին հայաշունչ, ազգային եւ քրիստոնէական ապրումներով: Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին, որ նուիրուած է իր դժուարին առաքելութեան:

Գերապայծառի խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 60 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:
«Մենք ենք մեր սարերը» երգի կատարողութենէն ետք, ներկաները դիտեցին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի միամեայ գործունէութեան մասին տեսաերիզ մը:

Ապա մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին «Քաջ Նազարը» երաժշտախառն թատերգութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանները հայկական, արեւելեան, ֆրանսական, արաբական, եւրոպական, յունական եւ ամերիկեան պարերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: Հետաքրքրական եւ հաճելի թատերական ներկայացումը փակուեցաւ «Սասնայ պար» եւ «Քոչարի» երգերու պարային կատարումներով:

Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեանի մանկապարտէզը կրթութիւն ստանալու անդրանիկ քայլն է եւ այս առնչութեամբ անձնակամզը իր բոլոր ճիգերը համախմբելով կը ծառայէ վարժարանի առաքելութեան: Պրն. տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի մանկապարտէզի անձնակազմին եւ մաղթեց, որ յառաջիկային վարժարանը կ՚արձանագրէ նոր նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ: Պրն. Կրէկուար Գալուստ հաստատեց, որ մանկապարտէզը իրողապէս ապահով, վստահելի, արդիական եւ դաստիարակիչ կառոյց է:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ