Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յարուցեալին Հետ` Հանդիպումս Ինծի Անծանօթ Քրոջս Հետ…


Սիրելի՛ ընթերցող, կ՛ուզէի յիշեցնել, թէ տակաւին զատկական շրջանին մէջ ենք եւ ամէն օր կը տօնենք Խաչեալին յարութիւնը, որ մեր ալ յարութիւնն է: Թոյլ պիտի տաս, որ մնացեալ օրերը միասնաբար անցընենք դեռ քանի մը խորհրդածութիւններով յարութենական:
- «Հոս չէ, յարութիւն առաւ» (Ղկ. 24,6):
- «Հոս չէ, յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր ձեզի» (Մտթ. 28,5):
- «Արդարեւ, Տէրը յարութիւն առաւ» (Ղկ. 24,34):
Այս յաղթաւէտ լուրը, այս ցնծագին աւետիսը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ շողարձակելու է, ինչպէս արեւին շառափը` բացուող խաւարին մէջ… Քրիստոսի յարութեան աւետումը մեզ շանթահարելու եւ յեղաշրջելու է հիմնովին:
Գեղեցիկ առասպել մը չէ, յերիւրուած ու մտայղացուած` մեր երկրաւոր թշուառութեան եւ ամէնօրեայ փորձանքներու մէջ «այրած սրտի մխիթարանք»-ով մեզ սփոփելու դիտաւորութեամբ:
Ո՛չ: Մեր Փրկչին յարութիւնը իրական դէպք է, պատմական եղելութիւն է: Դեռ աւելի՛ն. ելակէտն է քրիստոսական մեր կրօնին:
Քրիստոսի յարութիւնը կորիզն է մեր քրիստոնէական էութեան ու գոյութեան: Եւ ասով` երաշխիքն է մեր վերջնական յաղթութեան: Գրաւականը` մեր աստենական եւ անդենական յաղթանակին:
Յարուցեալ Տէրը իր գերեզմանէն ու մեր բոլոր գերեզմաններուն վրայէն կը բացագանչէ մեզի` Իրեն հաւտացողներուս. «Ես եմ: Մի՛ վախնաք: Ամէն իշխանութիւն տրուած է Ինծի երկինքին մէջ եւ երկրին վրայ: Ահաւասիկ Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհին կատարածը» (Մտթ. 28,10, 18 եւ 20):
Այս յստակ եւ անյետսկոչելի խօսքերը վերջիններն եղան Յարուցեալին, որուն «մեռա՛ծ չէ, ո՛ղջ է, կենդանի՛ է» աւետիսը հրեշտակները տուին մարդկութեան` մեզ համոզելով, թէ Խաչեալը յարութիւն առաւ եւ մեզ ալ միասին Իրեն հետ յարուցանեց:
Նշանաւոր անգլիացի փիլիսոփան` Ճոն Լոք (1632-1704) իր վերջին նամակին մէջ կը գրէ.«Այս աշխարհին վրայ միայն երկու իմացութիւններ կրնան մեզի գոհունակութիւն տալ: Առաջինն է բարի խիղճը, իսկ երկրորդը յոյսն է յաւիտենական կեանքին հանդէպ»:
Բարի խիղճն ու յաւերժութեան յոյսն ունենալու եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ ըլլալու համար, սակայն, չի բաւեր միայն հաւատալ, թէ Աստուած գոյութիւն ունի, եւ թէ` մենք սիրելու ենք մեր ընկերը:
Քրիստոնեայ ըլլալու եւ քրիստոսական մնալու համար եւ այսպէս` բարի խիղճով ու վստահալից յոյսով օժտուած դառնալու համար, անհրաժեշտ է նաեւ հաւատալ, թէ Յիսուս յարութիւն առաւ, եւ թէ նորէն պիտի գայ մեզի յարութիւն տալու հոգիով ու մարմնով:
Բացայայտ է դաւանանքը հայատրոփ շարականին.«Այսօր հրեշտակները երկինքէն իջած` աւետիս կու տան մարդերուն, թէ Խաչեալը յարութիւն առաւ եւ մեզ ալ միասին Իրեն հետ յարոյց»:
«Ինչպէս որ մարդերը կը մեռնին Ադամի մեղանչումին պատճառով, նոյնպէս բոլորը պիտի վերապրին Քրիստոսի մէջ` Անոր յարութեամբ» (1Կոր. 15,22):
Քրիստոսի մէջ եւ Անոր յարութեամբ մեր վերապրումը ձեռք ձգելու եւ յաւիտենականութեան հասնելու համար անփոխարինելի պայման է, որ մենք` դուն եւ ես, ապրինք մեր այս կեանքը Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ եկեղեցիին օրէնքներուն համապատասխան:
Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ այս հեռանկարով, ինչպէս նաեւ կանխայայտ երախտագէտ սրտով բացագանչե՛նք Ս. Գրիգոր Նարեկացիին հետ.«Փա՜ռք Քրիստոսի ամենազօր յարութեան: Փա՜ռք Քրիստոսի: Այսօր ազատեցանք: Փառք տա՛նք մեզ Փրկողին, որ ազատեց գերեալներս բանտէն»:
Եւ արդ, տրուպիս թոյլ տուր քեզի բացայայտելու իմ կեանքիս մեծագոյն ու թաքուն ակնկալութիւններէն մին, որով համակուած եմ քառասուն տարիներէ ի վեր:
Ծնողքիս առաջին զաւակն եղած է «Լորեթ» դուստրը, որ մէկուկէս տարեկանին մեռած է… Հօր կողմէն զղարթացի եւ մօր կողմէն հայ մայրս, Ռոզ Ֆարշախ, երբեք ինծի չխօսեցաւ քրոջս մասին, թէեւ, ինչպէս տիրամօր վախճանումէն ետք իմացայ վարդապետ եղբօրմէս, ամէն օր անոր աչքին առջեւն էր Լորեթ` «այնքան սիրուն եւ քնքուշ»…
Իսկ ատանածին հայրս` Կարապետ Մկրտիչի Թոփալեան, բարի, 84-ամեայ հայրս, իր մահէն դեռ քանի մը ամիս առաջ արտասուաթոր աչքերով կ՛ըսէր ինծի. «Տղա՛ս, Լորեթ քոյրդ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ մանուկն էր…»:
Ինչո՞ւ ծածկեմ իրողութիւնը. ոչ միայն հաւատացի իմ հօրս արցունքներուն, այլ նաեւ իմ ներաշխարհիս մէջ նորէն հրահրեցաւ անմար տենչը տեսած եւ ունեցած ըլլալու իմ «սիրուն, քնքուշ» եւ «ամէնէն գեղեցիկ» Լորեթ քոյրս…
Սակայն այդ մեր տեսութեան աստենական անկարելիութիւնը պիտի յաղթահարէ մեր անդենական հանդիպումը յաւերժութեան մէջ, ուր ստուգապէս պիտի տեսնեմ Լորեթ քոյրս, եւ այն` Յարուցեալին հետ, Մարիամ հրաշագործս Մօրս ներկայութեան եւ ծնողքիս յաւերժական ժպիտին ներքեւ:
Այո՛, անսասան հաւատքէն կռանուած, բայց նաեւ այդ պատահելիք հանդիպումէն կլանուած` կը բացագանչեմ քեզի եւ բոլորին, թէ Քրիստոս յարուցեա՜լ` կ՛ապրի՛ ու կ՛ապրեցնէ՛:
Ի՜նչ անպէտ եւ ինչպիսի՜ խեղճ կրօն պիտի ըլլար մեր կրօնը, եթէ չըլլար կրօնը կարօտակէզ վերատեսութեան ու սիրահամբոյր հանդիպումի մեզմէ առաջ մեռած մեր սիրելիներուն հետ` յարուցեալ Տիրոջ տունին մէջ…:
Այս ճշմարտութիւնը իմաստ ու խորք կու տայ մեր քրիստոնէական կրօնին եւ անմահութեան կ՛առաջնորդէ մեր վաղանցուկ կեանքը:
Ուշադրութի՛ւն: Այս ճշմարտութիւնը դաւանողս, սորվեցնողս արժանի պիտի ըլլամ հանդիպելու եւ ծանօթանալու իմ Լորեթ քոյրիկիս: Ալէլուիա՜, ալէլուիա՜, ալէլուիա՜: Ամէ՛ն:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 30 ապրիլ 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ