Հինգշաբթի, 12 Յունիս 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը

Պէյրութ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, 12 յունիս 2014-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ  ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Աշոտ Քոչարեանը:

Հանդիպումի ընթացքին, խօսակցութիւնը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին աշխատանքները, ընդհանրապէս հայկական եւ մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրները,  Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ  Քահանայապետի մօտեցման ու ծրագիրներուն մասին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ