Պէյրութ
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ մօտէն, ուշադիր եւ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Մարտի 21-ին թուրք-սուրիական սահմանի թրքական կողմէն Քեսապի հայաբնակ աւանին ուղղութեամբ անակնկալօրէն սանձազերծուած զինուորական թափանցումի գործողութիւններուն հետեւանքով քեսապահայութեան տեղահանութեան եւ ստեղծուած ծայր աստիճան տագնապալի իրավիճակին, Ուրբաթ, 28 Մարտի առաւօտեան նախագահեց իր տնօրինութեամբ՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքական միաւորներու ներկայացուցիչներէն կազմուած Քեսապահայութեան շտապ օգնութեան յանձնախումբի ժողովին, քննարկելու համար Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան զօրակցութեան հնարաւոր միջոցները։
Հոգեւոր Տէրը նախ ժողովականներուն տեղեկացուց ցարդ իր հաստատած շփումներուն մասին եւ վերահաստատեց Սուրբ Կուսի Աւետման տօնին առիթով մատուցած հանդիսաւոր եւ պատկերասփռուած սուրբ Պատարագի ընթացքին կատարած կոչը, ուր ըսուած էր յատկապէս.- Մեր աղօթքներուն կը միացնենք մեր կոչը աշխարհասփիւռ ամէն հայու՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով իր զօրակցութիւնը ցուցաբերելու Քեսապի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անոնց զգացնելու համար որ առանձին չեն իրենց տառապանքին մէջ։ Կոչ կ՚ընենք նաեւ մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւանց պաշտպան միջազգային կառոյցներուն եւ կացութեան առնչակից բոլոր տէրութիւններուն եւ ուժերուն որպէսզի իրենց ազդու միջամտութեամբ օգնեն խաղաղութեան վերահաստատումին շրջանին մէջ եւ իրենց բնօրրանէն տեղահանուած մեր ժողովուրդի վերադարձին իրենց օճախները։
Այնուհետեւ քննարկուեցան այն կարգադրութիւնները եւ գործնական քայլերը որոնք պէտք է որդեգրուին զօրակցելու համար քեսապահայութեան եւ դիմագրաւելու համար ամէն նորաստեղծ իրավիճակ։ Այս շրջագիծէն ներս որոշուեցաւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ հաստատել կարգ մը շփումներ եւ Լաթաքիա ուղարկել հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակութիւն մը։ Յանձնախումբը որոշեց բաց պահել իր ժողովը մինչեւ նախատեսուած շփումներուն արդիւնքներուն յստակեցումը։
ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ