Երեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2008 - Դամասկոսի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի Տարեկան Բանակում-Քեսապ

Քեսապ, Սուրիա

Այս տարի եւս Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ական տղաքը իրենց տարեկան բանակումը յաջողցուցին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ ու վանքի շրջափակէն ներս: 50 անդամներէ  կազմուած խումբը ժամանած էր Քեսապ 23 Յուլիս 2008ին ուր շաբաթ մը ամբողջ  վայելեց հիւրասիրութիւնը Քեսապի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ՝ Հայր Գարեգին վրդ. Քէոշկէրեանի: Խումբին կ՝ընկերակցէր Զմմառու վանքի վարչութեան անդամ՝ Դամասկոսի նախկին ժողովրդապետ ՝Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը, որ իր ներկայութեամբ մեծապէս նպաստեց զարգացնելու բանակումի հոգեւոր կեանքը: Պատանեկան խորհուրդը ու միութեան պատասխանատուները պատրաստած էին բազմազանազան գործունէութիւններ ընդգրկող յայտագիր մը, նպատակ ունենալով լաւագոյնս օգտագործել բանակումի օրերը նոր գիտելիքներ փոխանցելու, խմբային աշխատանքի ոգի ու միութենական կարգապահութիւն ապրելու իմաստով: Պատանիներն ու ջահակիրները ունեցան արշաւներ, ձեռային աշխատանքի պահեր, ազգային ու հոգեւոր նիւթերու մասին քննարկումներ:
Կիրակի 29 Յուլիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Ս.Պատարագ: Պատարագին ներկայ էին Դամասկոսէն ժամանած բազմաթիւ ծնողներ, ինչպէս նաեւ գիւղի համայնքի զաւակները: Այստեղ պէտք է նշել թէ եկեղեցին՝ շնորհիւ Հայր Գարեգինի ու Քեսապի համայնքի զաւակներուն այս տարի ենթարկուած էր հիմնական նորոգութեան: Եկեղեցւոյ հին ծեփը  վերացնելով մէջտեղ բերուած էր  քարաշէն սքանչելի կառոյցը: Կէսօրէ ետք աւանդական կրակը բոցավառելէ ետք տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս: Ջահակիրներն ու պատանիները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը որ կ՝ըդնգրկէր զանազան երգեր ու պարեր, ասմունք, զաւեշտներ, որոնք բոլորն ալ արժանացան ներկաներու ջերմ ծափերուն: Խարուկահանդէսի աւարտին խօսք առաւ Հայր Գարեգինը որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հիւրընկալելու Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ականները: Ան իր խօսքի աւարտին շեշտեց Հայ լեզուին ու մշակոյթին կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Դամասկոսի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի տարեկան բանակումը  վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով: 

 

 

 

  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ