Երեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2010 - Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը Հռոմի մէջ

 

Հռոմ, Իտալիա

 

Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, 5 - 9 հոկտեմբեր 2010, տեղի կ̓ունենայ հայ կաթողիկէ Նուիրապետութեան եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին։ Սիւնհոդոսին կը մասնակցին աշխարհասփիւռ հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդները եւ մի քանի հրաւիրուած թագադիր ծայրագոյն վարդապետներ։ Սիւնոդոսական նիստերը պիտի շօշափեն զանազան նիւթեր ի մէջ այլոց հոկտեմբեր 10-24 Վատիկանի մէջ գումարուելիք Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսի թղթածրարը, պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու գործնթացքը, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին Պատրիարքութեան եւ թեմերու իրավիճակն ու մարտահրաւէրները` լուծումներ գտնելու յոյսով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ