Երեւան
Երէկ՝ երեքշաբթի, 21 փետրուար 2012-ին, ըստ Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 8-րդ կէտին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթէճեանին, համատեղութեան կարգով նշանակեց սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Փարիզ)։
Վիգէն Չիթէճեան 26 մայիս 2009-էն ի վեր Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանն էր։ Ան դոկտոր է արհեստագիտութեան մէջ եւ հեղինակ է աւելի քան 150 գիտական յօդուածներու։