Վատիկան
Փետրուար ամսուայ համար, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական դիտաւորութիւն` աղօթել որպէսզի բոլոր ազգերուն մատչելի դառնայ ջուրը ու ամենօրեայ ապրուստի անհրաժեշտ կենսամիջոցները։ Ապա սրբազան քահանայապետը առաջարկած է աղօթել որպէս առաքելական դիտաւորութիւն՝ որպէսզի Տէրը նեցուկ կանգնի աղքատ նահանգներու մէջ հիւանդներուն եւ տարեցներուն հոգատարութեամբ զբաղող առողջապահութեան գործիչներու ջանքներուն։