Հինգշաբթի, 28 Օգոստոս 2014 - Արեւելքի հոգեւոր պետերու վեհաժողով Պքերքէի մէջ
Պքերքէ

Չորեքշաբթի, 27 օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը ` քննարկելու համար տարածաշրջանի եւ յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած ծանր պայմանները:

Վեհաժողովին մասնակցեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հոգեւոր պետերուն կողքին, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ գերպծ. Կապրիէլէ Քաչչան, ՄԱԿի ապահութեան խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը:

Վեհաժողովը իր հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց վերջ դնելու արմատական ու ծայրայեղական շարժումներուն, եւ պահանջեց միջազգային հանրութեան գործնական քայլերու դիմելու յատկապէս «Տահէշ» կազմակերպութեան դէմ, արմատախիլ ընելու համար շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը:

Վեհաժողովը բուռն դատապարտեց քրիստոնեաներուն դէմ բռնարարքները եւ տեղահանումները, մանաւանդ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Սակայն նոյն ժամանակ, վեհաժողովը հաստատեց թէ քրիստոնեաները կառչած կը մնան իրենց հողին ու ազատութեան` յանձնառու մնալով Աւետարանի սկզբունքներուն:

Վեհաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ աղէտալի կացութեան եւ վերյիշեց առեւանգեալ առաջնորդներուն եւ քահանաներուն թղթածրարը: Վերջապէս ժողովականները կոչ ուղղեցին շուտափոյթ ձեւով լուծելու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, զայն անջատելով շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն ու բարդութիւններէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ