Լիբանան
Ուրբաթ, 23 Մայիս 2008-ի երեկոյեան ժամը 8:00ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2007-2008 տարեշրջանի պաքալորիայի վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Արարողութեան ներկայ էր վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու, աշակերտութեան, բարեկամներու, հարազատներու, հրաւիրեալ հիւրերու հոծ բազմութիւն մը:
Լիբանանի, Հայաստանի զոյգ քայլերգներու եւ վարժարանի քայլերգի ոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստը, փոխանցելու համար իր խօսքը: Պր. տնօրէնը ջերմօրէն ողջունելէ յետոյ ներկաները, ըսաւ. «Այսօր առաջին անգամն է, որ աւարտական հանդիսութեան մը ընթացքին, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց կանգնած, խօսք կÿուղղենք հերթական աւարտականներուն»: Այնուհետեւ ան առանձնապէս եւ մեծապէս ողջունեց հանդիսութեան նախագահը՝ Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի Տի. Էմ.Էս. Օնլուս բարեսիրական քրիստոնէական կազմակերպութեան նախագահ՝ Փրոֆ. Անճելօ Պոզիոն եւ անոր ազնուափայլ տիկինը՝ Փրոֆ. Պարպարա Պոզիոն, որոնք միշտ թիկունք են Մեսրոպեան Վարժարաինն:
Պր. տնօրէնը, շնորհաւորեց նաեւ շրջանաւարտներու ծնողները իրենց զաւակներուն բարձրագոյն երկրորդական վարժարանէն աւարտական ըլլալուն առիթով: Տնօրէնի խօսքէն յետոյ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստած էին գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը: Անոնք նաեւ կատարեցին դպրոցի վահանի հանդիսաւոր փոխանցում 11րդ դասարանին, ինչպէս նաեւ պատրաստած էին Տի.Վի.Տի. ցուցադրութիւն մը, իբրեւ ամփոփ տեղեկագիր իրենց վերջին ուսումնական տարուան գործունէութենէն:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ օրուան նախագահը՝ Փրոֆ. Անճելօ Պոզիոն, որ յատկապէս շեշտեց, որ ինքը եւ իր ազնուափայլ տիկինը չափազանց հարազատ կը զգան այս վարժարանին, կը սիրեն այս վարժարանի ազնիւ ընտանիքը եւ հայութիւնը անոր ընդմէջէն: Անոր խօսքին զուգահեռ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը պատմէր Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքին մէջ մեկնարկած ծրագրի մը մասին, որուն նպատակը Մեսրոպեան նոր մանկապարտէզի շինարարական ծախսերը հոգալն է:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը, փոխանցելու համար իր պատգամը: Գերապայծառ Հայրը շնորհաւորեց աւարտականները եւ անոնց ծնողները այս գեղեցիկ օրուան առիթով: Ան յատկապէս իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայ երիտասարդութեան համար ամէնէն կարեւորը եւ էականը կեանքի մէջ պէտք է ըլլան այն ամէնը, ինչ որ կÿառընչուին ազգային խնդիրներուն հետ: Իր խօսքի աւարտին Գերապայծառ Հայրը, օրուան նախագահը՝ Փրոֆ. Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոները, եւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստը հանդիսաւորութեամբ շրջանաւարտներուն յանձնեցին իրենց վկայականները: Աւարտականները, «Շնորհաւորանքներ» երգի հնչիւններու ներքոյ, ուղղուեցան վարժարանի մարզադաշտ, ընդունելու համար ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:
Այսպիսով վարժարանը ունեցաւ իր 69-րդ հունձքը: Եկող տարի այն պիտի տնօրէ իր հիմնադրութեան փառապանծ 70-ամեակը, որու տօնակատարութեան նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են: 1939-թուականին հիմնուած այս կրթօճախը 69 տարիներ շարունակ սահուն կÿընթանայ իր ուղիով, իւրաքանչիւր տարի կեանքին յանձնելով մատղաշ սերունդի հոյլ մը, զինուած գիտելիքով եւ կրթութեամբ, պատրաստ դիմագրաւելու կեանքի ամենադժուար պայմաններն իսկ: