Sermons Sermons
Կիրակի, 21 Մայիս 2006 - Փարիզի Աթոռանիստ Եկեղեցի (Կիրակի 21 Մայիս 06)

Արհիապատիւ Հայր Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան, Փարիզի Ս. Խաչ թեմի Առաջնորդ եւ Առաքելական Այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց
Արհիապատիւ Գերապայծառ Տեարք
Գերյարգելի վարդապետնետներ
Հանգամանաւոր անձնաւորութիւններ
եւ Փարիզի Սիրելի հայորդիներ,

Ընդառաջելով իմ շատ սիրելի եղբօր՝ Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեանի հրաւէրին, սրտի մեծ ուրախութիւնը ունիմ այսօր այս սուրբ Պատարագը ձեզի հետ մատուցանելու, ձեզ ողջունելու եւ իմ հայրական խօսքս ձեզի ուղղելու:

Մտքիս մէջ տակաւին թարմ է յիշատակը 2001ի Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700ամեակին առիթով Փարիզ գալս եւ Հայրապետական Ս. Պատարագ մատուցանելս Նոթր Տամ Տը Փարի Աթոռանիստ լատին Եկեղեցի, ինչպէս նաեւ մասնակցիլս ձեր թեմական տարեկան ուխտագնացութեան՝ Լուրտ սրբավայրը: Այս տարի եւս, ձեր բարեջան Առաջնորդը զիս հրաւիրեց ձեզի ընկերանալու Աստուածամօր այս հրաշագործ ուխտավայրը:

Այսօրուան Աւետարանին խօսքը լսեցինք, ուր Յիսուս կ‏’ըսէ՝ «Աշխարհը եկայ դատարանի մը համար» (Յովհ. 9,39): Յիսուսին այս խօսքը մեզ վախցնելու համար չէ եղած, այլ ազդարարութիւն մը տալու՝ ունենալով իբր օրինակ կոյրին եւ տեսնողին պարագաները. կ’ըսէ՝ «որպէսզի տեսնեն անոնք որ կոյր էին եւ կուրնան անոնք որ կը տեսնէին» (Յովհ. 9,39): Զարմանալի նմանութիւն եւ աւելի զարմանալի հետեւանք:

Ինչպէս որ կոյրը կ‏’ուզէ բուժուիլ եւ լոյսի շնորհքը ստանալ, որպէսզի իր ճամբան կարենայ տեսնել- եւ Աւետարանին մէջ կոյրերու կը հանդիպինք, որոնք Յիսուսի ետեւէն կը պոռան որպէսզի իրենց աչքերը բանայ- նոյնպէս աշխարհի մէջ ան որ չ‏’ըմբռներ իր կեանքին իմաստը եւ անոր ելեւէջները, կոյրի կը նմանի: Բայց միեւնոյն ատեն, ան շուարած չմնալու համար կը ձգտի հասկնալու իր կեանքին իմաստը: Այդ անձին Յիսուս լոյսին շնորհքը կը պարգեւէ: Այդ անձը կը սկսի ըմբռնել իր կեանքին զանազան դէպքերը՝ ըլլան անոնք ուրախ եւ յաջող՝ գործին մէջ եւ կամ տան մէջ, ըլլան՝ տխուր եւ դժուար, ինչպէս հիւանդութիւնը կամ ձախողանքը, ու հասկնալով այս մարդը սրտի հանդարտութիւնը նորէն կը գտնէ եւ կ‏’ուրախանայ որ իր կեանքը, ինչպէս որ է, խոր իմաստ մ‏’ունի: Այն բամանակ, կը խոստովանի որ Աստուած ամէն ինչ լաւ տրամադրած է իրեն համար: Այս անձը կոյրի պէս էր եւ սկսաւ տեսնել ու հասկնալ թէ իր եւ թէ ուրիշներուն կեանքին իմաստը, եւ խաղաղօրէն ապրիլ:

Իսկ ան որ կը կարծէ թէ կը տեսնէ, այսինքն թէ ամէն բան գիտէ ու իր իմացականութեան վրայ դրած է իր վստահութիւնը, շատ անգամ անելի առջեւ կը գտնուի եւ տագնապներ կ‏’ունենայ ու կորսուած մարդու կը նմանի. չի հասկնար իր կեանքին պատահածները եւ չի գտներ միջոցը դժուար կացութիւններէն դուրս գալու: Այս անձը կը կարծէր թէ կրնար իր խելքին ու կարողութիւններուն վրայ վստահելով, իր բոլոր հարցերուն լուծում գտնել եւ անոնց պատասխան տալ, բայց չյաջողեցաւ:

Այսօրուան իր խօսքով, Յիսուս մեզի կ‏’ուզէ զգուշացնել հպարտութենէն, այսինքն մեր վստահութիւնը չդնել լոկ մեր անձնական ուժերուն վրայ, այլ մեզ կ‏’ուղղէ խոնարհութեամբ դիմելու Տիրոջ, կոյրին նման, եւ իրմէ լոյս աղաչել: Յիսուսն ալ առատօրէն շնորհք կը պարգեւէ խնդրողին, ըստ իր անսուտ խօսքին. «Ես եկայ որպէս զի մարդիկ կեանք ունենան՝ եւ առատութեամբ ունենան» (Յովհ. 10,10):

«Փարիսեցիները... հարցուցին Յիսուսին. Մենք ալ միթէ կո՞յր ենք» (Յովհ. 9,40): Փարեսիցիները՝ իրենց հասարակութեան մէջ ամէնէն զարգացած դասակարգը կը նկատուէին, մանաւանդ կրօնական հարցերուն մէջ, եւ դժբախտաբար ինքնահաւան ու հպարտ դարձած էին, այն աստիճան որ չէին ընդուներ Յիսուսին ուսուցումը: Այսօր ալ, կան մարդիկ որոնք, հազիւ թէ քիչ մը զարգացում ունենան՝ կը սկսին նուազ կարեւորութիւն տալ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն եւ ուղղութիւններուն եւ կը յաւակնին նոյնիսկ Աւետարանին խօսքերը իրենց հասկցած ձեւով բացատրել, հեռանալով շատ անգամ Եկեղեցւոյ վարդապետութենէն: Ասոնց՝ այսօրուայ փարիսեցիներուն, Յիսուսին խօսքը կը կրկնեմ. «քանի որ կ‏’ըսէք՝ կը տեսնենք, ձեր մեղքը կը մնայ» (Յովհ. 9,41): Ով որ կը վստահի իր սահմանափակ անձին վրայ, պիտի սխալի եւ Յիսուսին բերած լոյսը իրեն պիտի չհասնի:

Սիրելիներս, Յիսուս, ան բարի հովիւն է որ մեզմէ ամէն մէկը կը ճանչնայ խորապէս իր անունով եւ մականունով, իր փափաքներով եւ յուսախաբութիւններով:

Յիսուս, ան բարի հովիւն է որ մեզմէ բան մը չխնդրած, նախ ինք զայն կատարեց, ինչպէս կ‏’ըսէ Ս. Ղուկաս Գործք Առաքելոց գիրքին սկիզբը. «Ո՛վ թէոփիլէ, պատմեցի քեզի ամէն ինչ որ Յիսուս սկիզբէն ըրաւ եւ սորվեցուց» (Գոր ք 1,1): Յիսուս նախ ըրաւ, անկէ ետք սորվեցուց՝ նախ խոնարհ եղաւ, ապա սորվեցուց մեզի խոնարհութիւնը. աղքատ ծնաւ եւ ապրեցաւ եւ մեզի սորվեցուց դրամին չկապել մեր սիրտը. ներեց զինք հալածողներուն, եւ սորվեցուց մեզի ներել անոնց որոնք մեզի դէմ յանցանք գործած են: Իմացանք նաեւ Աւետարանին խօսքը Յիսուսին մասին՝ թէ իր աշակերտները կ‏’առաջնորդէ ու անոնք իրեն կը հետեւին: Եւ կ’աւելցնէ. «Օտարին չեն հետեւիր» (Յովհ. 10,5): Օտար գաղափարներուն չեն հետեւիր, եւ որ՜քան անոնք շատ են այսօր մեր ընկերութեան մէջ:

Անոնց որոնք այսօր կը կարծեն թէ Աւետարանին հաւատարիմ ըլլալը յետամնացութիւն է եւ պէտք է անկէ անկախանալ՝ օրուան ընթերցումը կ‏’ազդարարէ ըսելով . «յափշտակող գայլեր պիտի սպրդին ձեր մէջ եւ պիտի չխնայեն հօտին, եւ ձեր մէջէն իսկ պիտի ելլեն մարդիկ որոնք թիւր խօսքերով պիտի ջանան աշակերտները իրենց ետեւէն տանիլ: Ուրեմն արթ՛ուն կեցէք» (Առ. 20, 29-31):

91 տարի առաջ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը, մեր մայրերն ու մեծ մայրերը աքսորի եւ անապատի անողորմ ճամբաներու վրայ հաւատարիմ մնացին Յիսուսին եւ Ս. Աւետարանին, ի գին իրենց կեանքին: Անոնք օտարի ձայնին մտիկ չըրին, անոր չհետեւեցան: Անոնք կրօնափոխ չեղան եւ իրենց հայկական ինքնութենէն չհրաժարեցան: Այսօր, աշխարհասփիւռ հայութիւնը, եւ անշուշտ ‎ֆրանսահայերը, ամէն տարի իրենց յիշատակը կը տօնակատարեն, եւ հպարտօրէն կ‏’ոգեկոչեն, աշխարհին դիմաց, անոնց հերսական քաջութիւնը եւ կեանքի զոհաբերումը: Բայց չի բաւեր յիշել եւ յարգել միայն խօսքով, այլ պարտինք մեր ապրումով ցոյց տալ մեր հաւատարմութիւնը անոնց սկզբունքներուն եւ անոնց հետեւիլ: Ո՞վ կրնայ մեզ առաջնորդել այդ ալեկոծեալ ճամբու վրայ: Միայն բարի հովիւը, Ան միայն մեզ կրնայ առաջնորդել ու փրկութեան հասցնել՝ ոչ դրամը, ոչ փայլուն դիրքը եւ ոչ ալ նոր գաղափարականները, այլ միայն Յիսուս: Ուստի, սիրելիներս, մեր ծնողներուն նման Անոր հետեւ՛ինք: Ամէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ