Շաբաթ, 21 Փետրուար 2009 - Հ.Վարդան վրդ.Գազանճեան Վարդանանց Պատգամը կը Փոխանցէ Հայաստանեայց Առաքելական Եղբայրակցութեան

 
Լիբանան

Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, հինգշաբթի, 19 Փետրուար 2009-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հերոսամարտի նուիրուած տօնակատարութիւն:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մհեր Մարտոյեան: Ան նկատել տուաւ, թէ Վարդանանց հերոսամարտին շնորհիւ ամրապնդուեցաւ կրօնը եւ կերտուեցաւ հայու դիմագիծը: Ան նաեւ շեշտեց, որ Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդին այն հերոսական պայքարներէն է, որ հպարտանալու առիթ կ’ընծայէ օտարին դիմաց, որովհետեւ պայքարի ոգին, կամքն ու ազատութիւնը այսօր եւս հարազատ պատկերն են հայ ժողովուրդի ազգային նկարագիրին: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը բովանդակէր մեներգներ, խմբերգներ, ասմունք եւ խմբային ընթերցումներ՝ Վարդանանց խորհուրդը ներկայացնող:

Օրուան պատգամաբերն էր հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Ան իր խօսքին սկզբնաւորութեան նշեց, որ երբ քրիստոնեան յիշատակ մը կը նշէ, երեք կարեւոր կէտեր կան, որոնց կը հետեւի. առաջին՝ հասարակութեան ներկայութիւնը, որ անհրաժեշտութիւն մըն է, տօն մը առանձին չի յիշատակուիր, այլ՝ միասին: Երկրորդ՝ մասնակցութիւնը այդ տօնին երրորդ՝ այժմէականութիւնը այն խորհուրդին, որ կը յիշատակուի: «Վարդանանց պատերազմը հայոց հաւատքի տօնակատարութիւնն է», շեշտեց Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ աւելցնելով, որ այսօր այդ յիշատակին ընդմէջէն հայը կը նորոգէ իր հաւատքը: «Ինչ որ քրիստոնեան կը յատկանշէ աշխարհի վրայ ապրող բոլոր մարդոցմէ՝ անոր հաւատքն է եւ ոչ թէ անոր կրօնը», նկատել տուաւ բանախօսը եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտի նախօրեակին պատահած դէպքերը՝ զանոնք վերլուծելով:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Հայր մեր»ով եւ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի «Պահպանիչ»ով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ