Հռոմ, Իտալիա
Երկուշաբթի 12 դեկտեմբեր 2011, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Իտալիա իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաւ սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի հետ Վատիկանի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին, սրբազան քահանայապետը եւ նախագահ Սարգսեան անդրադարձան Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վատիկանի եւ Էջմիածնի սուրբ աթոռներու միջեւ համագործակցութեան, յանուն համընդհանուր բարօրութեան երկու Եկեղեցիներուն միջեւ։ Անոնք ընդգծեցին նոր սերունդներու քրիստոնէական արժէքներու ոգիով դաստիարակչութեան կարեւորութիւնը։
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը այցելեց նաեւ Հռոմի «սուրբ Նիկողայոս»ի անուան հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցաւ Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր հայր՝ գերյ. Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանի հետ, ներկայութեամբ Արեւելեան Եւրոպայի, Վրաստանի եւ Հայաստանի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Ռափայէլ արք. Մինասեանի, հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու եւ հռոմահայ համայնքի ներկայացուցիչներու։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Տարչիցիո Բերտոնեյի հետ: