Երկուշաբթի, 13 Օգոստոս 2012 - Ցաւակցագիր՝ Աշգարեան գերապայծառի մահուան համար


7 Օգոստոս 2012

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Աշրաֆիէ, Լիբանան

Հոգեւոր Տէր,

Ցաւով իմացանք Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեանի մահուան գուժը:  Անձնապէս՝ երկար տարիներու վրայ երկարած, ծանօթ ըլլալով երջանկայիշատակ Գերապայծառին, քաջատեղեակ էինք անոր բեղուն գործունէութեան: 

Քրիստոսի, Անոր եկեղեցիի եւ Հայ ժողովուրդի մէջ անոր աշխատանքը մէկ լաւագոյն ապացոյցն էր անոր նուիրական կեանքին, որ եղաւ աշխուժ, անսահման նուիրումով եւ ծառայութեամբ լեցուն:  Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեանի ծառայութեան կեանքը անշահախնդիր էր՝ քրիստոնէական սկզբունքով եւ գիտակցութեամբ:  Անոր ծառայութիւնը հասաւ եկեղեցիին, գաղութին, դպրոցին, մշակոյթին, գիրին եւ գրականութեան:  Բայց անպայմանօրէն ան հասաւ մարդուն, որովհետեւ հաւատացած էր կեանքի մէջ մարդկային յարաբերութեան եւ արժէքներու:

Կը ցաւակցինք ձեր բոլորին հետ:  Լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց իր հաւատաւոր եւ նուիրեալ եկեղեցականներէն մին, որուն յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին մէջ: 

Կը ցաւիմ որ անձնապէս չկրցայ ներկայ ըլլալ եւ փոխանցել ցաւակցութիւններս:  Կը խնդրեմ ընդունեցէք իմ եւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան խորզգած ցաւակցութիւնները ձեզի, Հայ Կաթողիկէ թեմերուն, Միաբանութեան եւ իր ընտանեկան պարագաներուն: Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք ձեր բոլորին:  

Ցաւակցօրէն՝

Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար
Աստուածաշունչի Ընկերութեան
Արաբական Ծոցի Երկիրներու


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ