Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015 - Արհիապատիւ Հայր Գէորգ արք. Խազումեանի քարոզը ապրիլ 26-ի Սուրբ Պատարագին

 

Պէյրութ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՔԱՐՈԶ

Արհիապատիւ Հայր Գէորգ արքեպիսկոպոս Խազումեանի

26 ապրիլ 2015, կիրակի երեկոյեան ժամը 5-ին

 

«Ինչպէս ամէնքս իմացանք, 12 ապրիլին, Վատիկանի սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ , քահանայապետական սուրբ Պատարագով ու փառահեղ շուքով տօնուեցաւ Հայոց՝ Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակի տարելիցը մէկ ու կէս միլիոն քրիստոնեայ նահատակներու  յիշատակին, որոնք նախնտրեցին կեանքերնին զոհել Քրիստոսի, Աւետարանին եւ Խաչին ի նպաստ, քան թէ ուրանալ իրենց պապենական հաւատքը: Ասոնց շարքին էր նաեւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը՝ Մարտինի արքեպիսկոպոսը, զոր երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս երկրորդը երանելի հռչակեց հոկտեմբեր 2001 ին: Պատարգիչն էր նոյն ինքն Ֆրինչիսկոս սրբազան քահանայապետը, որ սուրբ Պատարգին ընթացքին, նաեւ հռչակեց սուրբ  Գրիգոր Նարեկացին՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ, տալով այդ պատմական առիթին կրօնական ու ազգային յատուկ արժէք մը, որովհետեւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, հայ ազգին ամենասիրուած եւ սերտուած սուրբն է, ու անոր Մատեան Ողբերգութեան աղօթագիրքը միշտ եղած է հայ ընտանիքներու մօտ պահպանուած գիրքը, սուրբ գիրքին առընթեր:

Նոյնպէս, երեք օր առաջ, 23 ապրիլ 2015-ին, սուրբ  Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ նաեւ փառաւոր հանդիսութիւնը սրբադասման՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի փառապանծ նահատակներուն: Դարձեալ մեծ շուքով եւ փառաւոր կերպով փակուեցաւ հանդիսութիւնը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 60 պատուիրակութիւններ զանազան երկիրներէ: Դէպք մըն է հոգեզմայլ, որ 14-րդ դարէն ի վեր չէ պատահած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ:

 

Վատիկանի եւ Էջմիածինի սոյն զմայլելի հանդիսութիւններուն, մենք եւս, Լիբանանի հայերս, կ'ուզենք մեր կարգին, բերել մեր մասնակցութիւնը, տալով զգալի արտայայտութիւն մը գնահատանքի եւ յարգանքի, արժանի տուրք մը՝ սիրոյ եւ մեծարանքի, հանդէպ մեր պանծալի նահատակներուն. ասոր համար մենք եկած ենք այսօր, բերելու մեր խնկելի աղօթքն ու սէրը, միացնելու զանոնք մեր սուրբ նահատակներուն չարչարանքներուն եւ արեան զոհին, փառաւորելու համար այն Քրիստոսն ու Խաչը, զորոնք մինչեւ ցայժմ, կը հալածուին  ու կ'անարգուին:

 

Այսօր, եկած ենք տօնելու համար բոյլը 1915-ի քրիստոսասէր ու հայրենասէր վկաներուն ազգիս հայոց: Օգտուելով այդ պատմական ու բացառիկ, ազգակրօնական առիթէն զոր մեզի ընծայեցին Վատիկանի եւ սուրբ Էջմիածնի հանդիսութիւնները, կ'ուզեմ դնել,  այսօրուայ քարոզովս, 1915-ի Մեծ Եղեռնի ջարդերը հաւատքի լոյսին ներքեւ, հեռու ամէն քաղաքական տեսութենէ, որպէսզի հարիւրամեակի այս հանդիսութեամբ, հրաշալիօրէն փառաւորած ըլլանք հոյակապ վսեմութիւնը հայրենասէր ու քրիստոսասէր մեր նահատակներուն, որոնք սուրբերուն հետ դասուեցան, որոնք՝ նման աստղերուն, երկինքին մէջ կը շողան եւ բոցերու պէս կը պսպղան երկրի վրայ:

Եթէ Իրաքի անապատներուն մէջ միլիոնաւոր արմաւի ծառեր բարձր ու սէգ կը ցցուին, ու եթէ Լիբանանի Մայրիներու (Արզի) բարձր լեռնագագաթներուն վրայ հազարաւոր մայրի ծառեր վեհ եւ ամրաբերձ կը բարձրանան, ցեղասպանութեան զոհ գացած գիւղերուն ու արտերուն մէջ, մեր նահատակները, ինչպէս կ'երգէ սաղմոսերգուն՝  «որպէս զարմաւէնիս ծաղկեցան եւ որպէս զմայրսն Լիբանանու բազում եղան»:

Վկայ կամ նահատակ կը կոչուէին մեր նախնեաց քով այն հաւատացեալները, որոնք կեանքի ու մահուան, տանջանքի ու հանգստեան երկընտրանքի առջեւ, չէին վարաներ ընտրելու տանջանք ու մահ՝  ի սէր Հայրենիքին ու Քրիստոսի: Վկայ ու նահատակ էին այն կիներն ու այրերը, ծերերն ու պզտիկները, որոնք չէին ուրանար Քրիստոսը,  իրենց Աստուածն ու Փրկիչը, այլ  յանձն կ'առնէին  չարչարանք ու մահ, տեղահանութիւն ու ջարդ՝ Քրիստոսի համար: Այլ  խօսքով՝ այն ամէնը որոնք հաւատքի համար կը մեռնէին, այն համոզումով  կը փակէին իրենց աչքերը թէ լաւագոյն բարիքներու եւ պսակներու պիտի արժանանային յաւիտենականութեան մէջ:

Հայերս՝ Աւարայրէն մինչեւ Մեծ Եղեռն՝ արիւնով փաստած ենք մեր հաւատարմութիւնը մեր հաւատքին հանդէպ. դարերու ընթացքին, Հայ ազգը չարչարուած ու հալածուած է,  զի յանձն չէ առած ուրանալ Քրիստոսը ու հեռանալ իրմէ. Քրիստոնեայ  ըլլալը  գրեթէ համազօր եղած է  հալածանքի, յանձնառութեան ենթարկելով  ինքզինքը. այս մասին Աւետարանը տարակոյս չէ ձգած մտքերու մէջ. «Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն»  ըսաւ մեր Տէրը աշակերտներուն. մնացէ՛ք իմ մէջս, ես ալ ձեր մէջ»:  Երբ ըսեմ թէ «Հայ ազգը ՝ կրօնին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ցոյց տուած էիր արեան հեղումով»,  պարզ գովասանք մը չեմ հիւսեր, այլ ասիկա Հայոց Պատմութիւնն է, ամբողջ հայ ժողովուրդի մը պատմութիւնն է, թէեւ այս հերոսական փառքին կողքին գտնուին անխոստովանելի վատութիւններ:

 

Ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու դժոխային ծրագիրը յղացուեցաւ, ոչ լոկ որովհետեւ մեր նահատակները հայ էին, այլ նաեւ որովհետեւ քրիստոնեայ էին.  ոչ լոկ որովհետեւ տարբեր էին բնական արիւնով ու ցեղով, այլ նաեւ որովհետեւ սրսկուած ու սրբուած էին Քրիստոսի արիւնով. ոչ լոկ որովհետեւ այլազգեր կը նախանձէին ազգին բնական ձիրքերուն, տուներուն, արտերուն, արջառներուն, այլ նաեւ որովհետեւ կատէին Խաչը քրիստոնեաներուն,  բարքերն ու կենցաղը սուրբ Խաչը պաշտողներուն:  Կարդացէ՛ք դոկտ. Լեպսիոսի գիրքը՝ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.  ասիկա հաւաքածոյ մըն  է պաշտօնական վաւերաթուղթերու: Ըստ ղրկուած պաշտօնական հեռագիրներուն, ջարդը կազմակերպողները, զայն կը պարտադրէին, բայց միաժամանակ ազատելու միջոցն  ու առիթը կու տային: Կը բաւէր ուրանալ Քրիստոսը. իսկ յարիլ իրենց մարգարէին՝ փրկութեան միակ առիթն էր: Այդ էր բարձրագոյն հրահանքը եւ այդ  քրիստոսադրուժ  ոգիով տոգորուած միայն,  խուժանը  կը  կատարէր հրամանը թալանելու, կործանելու, առեւանգելու, տանջելու եւ սպաննելու:  Չկայ տարակոյս.  կրօնական մոլեռանդութիւնն էր զսպանակը ջարդերուն:  Թէեւ վերջերս յայտարարուած վատիկանեան արխիւներուն լուրերուն համաձայն՝ կը կարծուի թէ՝ Երիտասարդ Թուրք խմբակին նպատակը ուրիշ էր. Թուրքիոյ տարածքին ժողովուրդը միացեղելն էր, սակայն այս նպատակն ալ հոն կը տանի. քանի հոն հասնելու համար պէտք էր քրիստոնեաներուն տեղահանութիւնն  ու ջարդը:

Եթէ մեր դեռափթիթ կոյսերն ու երիտասարդները իրենց ճակատին վրայ գրած չըլլային համեստութիւն ու պատիւ, եթէ մեր մայրերն ու հայրերը իրենց  իբրեւ նշանաբան ընտրած չըլլային անսասան հաւատարմութիւն ցմահ, եթէ մեր կղերը իրեն կարգախօս չունենար անխարդախ հաւատք, ու եթէ ամբողջ բոյլը մեր նահատակներուն, կեանքի իմաստը չփնտռէր  գաղափառապաշտ սիրոյ եւ զոհողութեան մէջ, այսօր, անոնք պիտի ապրէին, պիտի վայելէին կեանքը, սակայն պիտի չունենային փառքի վայելքը, Ապրիլ 24-ի փառաւոր հանդիսութիւնները, որոնցմով մենք կը մեծարենք ու կը փառաւորենք զանոնք այսօր: Բայց անոնք չուզեցին դաւաճանել, ուրանալ Խաչը, եւ արեան հոսման զոհաբերութեամբ՝ անցան ու գացին դէպի յաւիտենական կեանք, մնալու համար մեր մէջ յաւերժապէս ու յաղթական: Ահա անոնք մեր փառքն ու պարծանքը եղան ու կը կոչեն ու հրաւիրեն մեզ, հետեւելու իրենց օրինակին:

Յիսուս ոչ միայն նախատեսեց  նման  դէպքեր ու հալածանքներ իր հետեւորդներուն համար, այլ նաեւ երանի կարդաց հալածանքի ենթարկուողներուն ու ըսաւ՝ «Երանի անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, վասնզի անոնց է երկինքի արքայութիւնը»:

 

Յարգելի հայրենակիցներ,

Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակումը, հաւատքի արծարծումէ զատ , հռչակումն է այսօր կտակի մը եւ պատգամի մը: Եթէ  մեր Նահատակները հրաժարած ըլլային հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալէ, մնացած պիտի ըլլային իրենց գաւառներուն մէջ, թէեւ դաւանափոխ ու այլասերած. սակայն անոնք այսպէս չ'ըրին, այլ հաւատարիմ մնացին իրենց ազգութեան ու կրօնքին. նահատակուեցան այն փափաքով ու յոյսով որ իրենց յաջորդող սերունդը, պիտի իրագործէ հայ դատին արդար լուծումը: Անոնք մեզի կը թելադրեն  հետեւիլ իրենց օրինակին եւ մեզի կը շարունակեն կրկնել ամէն տարի այսօրուայ պէս՝  «սիրելի Հայորդիներ, ապրեցէ՛ք իբրեւ հայ եւ իբրեւ քրիստոնեայ, զօրացէ՛ք ու քաջալերուեցէ՛ք, վաղը հայ ժողովուրդը պիտի բարգաւաճի, պիտի ուռճանայ ու մեծ Ազգ պիտի դառնայ. ահա ձեզի կը յանձնենք մեր դատը, հետապնդեցէ՛ք զայն նոյնիսկ ամենաբարձր ատեաններու առջեւ. մի՛ վախնաք, Խաչեցեալը եւ յարուցեալը ձեզի հետ է»:

Ահաւասիկ հայ դատը կը շարունակենք եւ հասանք, փառք Աստուծոյ, վերջնական փուլին. մեր իրաւունքը պիտի չմեռնի, ցորքան մէկ հայ պիտի ըլլայ որ զայն պիտի պահանջէ: Ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը՝ «մեր խիղճը չի ներեր, մենք չենք կրնար լռել այն ամէն բաներուն մասին, որոնք յայտնի են ամէնուն»: Շարունակենք ապրիլ որպէս հայ քրիստոնեաներ. թող մեր նահատակներուն արիւնը, իբրեւ ցօղ երկինքէն իջած՝ ոռոգէ մեզ ու մեր հայրենիքը, որպէսզի ըլլանք հաւատարիմ ժառանգորդներ մեր նահատակաց սրբութիւններուն: Մենք ապրինք այնպէս, ինչպէս անոնք ապրեցան՝ քրիստոսասէր եւ ազգասէր:

 

Ոգեկոչումը Ապրիլեան նահատակներուն, ոչ միայն արտյայտութիւնն է  մեր հաւատքին անոնց սրբութեան եւ փառքին նկատմամբ, այլ նաեւ արտայայտութիւնը մեր հաւատարմութեան՝ ազգին ու Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան տեւականութեան նկատմամբ: Ազգ մը որ դահիճներ կու տայ՝ կրնայ ոչնչանալ, բայց ազգ մը որ նահատակներ կու տայ՝ չի մահանար:

 

«Երբ, հարիւր տարիներ առաջ կը ջարդէին մեր հայազգի զաւակները, ահազանգի եւ բողոքի բազմաթիւ ձայներ լսուեցան, յատկապէս Վատիկանէն յանձին Պենետիկդոս ԺԵ. քահանայապետին: Սակայն Եւրոպայի իշխաններէն ոչ մէկը փութաց օգնութեան, որովհետեւ աշխարհը պատերազմի մէջ էր եւ ամէն ազգ նախ ինքնիրեն կը մտածէր, ուրիշին պաշպանութեան մասին խորհելէ առաջ: Թուրքը նման պատրուակներ կը յառաջացնէ այսօր ալ, ինչպէս կ'ընէ նաեւ լիբանանի ջարդերուն պարագային, երբ կ'ըսէ, թէ լիբանանցի երկու հարիւր հազար նահատակներուն պատճառը՝ թաշնակիցներուն պաշարումն ու արգելափակումն էր, ինչպէս նաեւ անհամար մարախներու յարձակումը: Ինչ ողորմելի արդարամտութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Թուրք դահիճները սուրբ Աւետարանին հրեաներուն կը նմանին. ասոնք՝տեսնելով որ կրնայ ըլլալ Յիսուս յարութիւն առած ըլլայ, սուտերու եւ նենգութեան դիմեցին. դրամի մեծ գումար մը տուին զինուորներուն եւ պատուիրեցին անոնց ըսելու՝ թէ աշակերտները գիշերը եկան եւ գողցան Յիսուսը: Թուրք դահիճները, այսօր, նոյն սուտերը եւ նենգութիւնը կը գործադրեն. մեծ մեծ գումարներ կու տան եւ կը մսխեն ասդին անդին, որպէսզի ըսուի վերջապէս, թէ մեզի, թէ պատմաբաններուն՝ «Թուրքիան բացաւ իր արխիւները եթէ կ'ուզէք ճանչցնել ձեր դատը՝ գացէ՛ք ուսումնասիրեցէ՛ք զանոնք. գողցուած են թէ անհետացած՝ չենք գիտեր, դեռեւս հոն պիտի գտնէք ձեր պատասխանը»: Եւ ահա, այսպէս կ'ըսէ ու կ'աւելցնէ սուրբ Աւետարանը՝ «այս լուրը՝ թէ Յիսուս գողցուած է, տարածուեցաւ մինչեւ այսօր հրեաներուն մէջ»:

 

Ու այդպէս՝ ջարդերու մասին թուրքերուն կողմէ տրուած սուտ լուրերը, այսօր կը տարածուին թուրքերուն լայն խաւերուն մէջ, մինչեւ անգամ օտար դեսպանատուները: Թուրքը կը փախչի ճշմարտութենէն կը խուսափի ամօթէն ու քաւութենէն:

 

Մինչ կը քալենք դէպի երկրորդ հարիւրամեակ, գօտեպնդուած յիշեցողութեան, անմոռացութեան եւ պահանջատիրութեան յանձնառութեամբ եւ զօրացած միացեալ շարքերով, կ'ուզենք մխիթարուիլ ու քաջալերուիլ այսօր, որովհետեւ մեր նահատակներուն սուրբ  արիւնը՝ ինք ձեռք առած է Հայոց դատը: Ինչպէս Աբէլի արիւնը, ան կը պոռայ եւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի սրտաբուխ աղերսով կը յայտարարէ Աստուածամօր`

«Աղախին Աստուծոյ եւ Մայր

Թող բարձրանայ պատիւդ ինծմով

Եւ իրականանայ փրկութիւնս Քեզմով »:

 

Ու կ'աւելցնեմ՝

Փառք ու պատիւ մեր Հայ Ազգին նահատակներուն.

Ցնծութիւն եւ ուրախութիւն Հայ ժողովուրդին.

Սէր ու պայծառութիւն սուրբ Եկեղեցւոյ»:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ