Երկուշաբթի, 22 Փետրուար 2010 - «Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական պարբերաթերթի շնորհանդէսը

Պէյրութ, Լիբանան

Պէյրութէն լոյս Կը տեսնէ իւրայատուկ հրատարակութիւն մը` ուղղուած սփիւռքահայ կրթութեան զարգացման

ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱՒ «ՀԱՅ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ» ՈՒՍՈՒՄՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՅԱԼԵԶՈՒ ԵՌԱՄՍԵԱՅ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ` ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

19 Փետրուար 2010-ը լիբանանահայ համայնքին համար նշանաւորուեցաւ ծնունդովը իւրայատուկ պարբերաթերթի մը, որ իր բնոյթով, առաջադրած նպատակներով եւ գործունէութեան համար որպէս հիմք ընդունած սկզբունքներով միտուած է դառնալու ամբողջ Հայկական Սփիւռքին համար օգտակար ձեռնարկի մը` գլխաւորաբար մանկավարժութեան եւ դպրոցական հայագիտութեան զարգացման մարզին մէջ:

Արդարեւ այդ օր պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ  հիմնադրութիւնը «Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական եւ մանկավարժական հայալեզու եռամսեայ պարբերաթերթին, որուն նախաձեռնողն է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնի Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակը:

«Հայ Մանկավարժ»ի հիմնադրութեան եւ առաջին համարի լոյս ընծայման առիթով հրաւիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Էշրէֆիէի ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ ։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր նշեալ պարբերաթերթի հրատարակիչ մարմնի տնօրէնութեան կողմէ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին, անոր ներկայ եղան Արհ. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, Գեր. Հայր Միքայէլ Թ. Ծ.Վ.Մուրատեան` Մեծաւոր Զմմառու վանքին, Վերապատուելի Քիլաղպեան, Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան` նախագահ Հայկազեան Համալսարանի, Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան` գլխաւոր խմբագիր Մասիս շաբաթաթերթի, Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրեր, լիբանանահայ կրթական մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, մամուլի աշխատակիցներ եւ բարեկամներ:

Բացման
խօսքը արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ, «Հայ Մանկավարժ» պարբերաթերթի տնօրէն Վարդան Թաշճեան: Ան նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ դպրոցական հայագիտութեան զարգացման նպատակով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին կողմէ նոր հիմնադրուած յատուկ գրասենեակի տարած աշխատանքներուն։ Վ. Թաշճեան ըսաւ, որ նորահաստատ հանդէսը կը միտի մանկավարժական եւ ուսումնագիտական պիտանի նիւթեր ներկայացնել հայկական կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն, նաեւ հայ ծնողներուն, առ ի աջակցութիւն` հայկական դպրոցներու մէջ մանկավարժական գործի զարգացման ուղղուող ջանքերուն։ Ան յայտնեց, որ պարբերաթերթը կոչուած է նաեւ ըլլալու հանդիպման եւ քննարկումներու միջավայր մը` հայ ուսուցիչներու, հայոց լեզուի եւ հայագիտական այլ նիւթեր դասաւանդող մասնագէտներու, սփիւռքի մէջ դպրոցական հայագիտութեան խնդիրներով հետաքրքրուած գիտական եւ մտաւորական հանրութեան ներկայացուցիչներուն համար: Վ. Թաշճեան ըսաւ, որ «Հայ Մանկավարժ»ը  շփումներ հաստատած է սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ ապրող մասնագէտներու հետ` ապահովելու համար անոնց ներդրումը այս ծրագրին, ինչպէս նաեւ ցանկութիւն ունի համագործակցութեան հորիզոններ բանալու Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն հետ, որոնք այս իմաստով արդէն իսկ գործակցութեան պատրաստակամութիւն արտայայտած են։ Այս ծիրին մէջ հաղորդուեցաւ, որ հանդիսութեան նախորդող շաբթուան ընթացքին, «Հայ Մանկավարժ»ի պատասխանատուները Երեւանի մէջ տեսակցութիւններ ունեցած են Հայաստանի Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի, կրթութեան նախարար պրն. Արմէն Աշոտեանի, Աբովեանի անուան մանկավարժական պետական համալսարանի նախագահ պրն. Արտուշ Ղուկասեանի եւ Սփիւռք գիտա-կրթական կեդրոնի ղեկավար պրն. Սուրէն Դանիէլեանի հետ, որոնց հետ կայացած է շահագրգիռ զրոյց` «Հայ Մանկավարժ»ի հրատարակութեան եւ հրատարակիչ մարմնին հետ այլ մարզերու մէջ հետագայ գործակցութեան մասին:

Ապա
ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն ընդմէջէն Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ «Խ. Աբովեան» պետական-մանկավարժական համալսարանի նախագահ Արտաշէս Ղուկասեան իրենց գնահատանքը, բարեմաղթութիւններն ու գործակցելու պատրաստակամութիւնը յայտնեցին «Հայ Մանկավարժ»ին՝ լուսարձակի տակ առնելով սփիւռքի մէջ նման հանդէսի մը հրատարակութեան կարեւորութիւնն ու անոր ունենալիք դերակատարութիւնը` մանկավարժական եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։

Հայրենի պետական եւ ակադեմական ներկայացուցիչներու ուղերձներէն ետք, «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» Կեդրոնի աշխատակցուհի Նայիրի Պուսույեան հանդիսութեան մասնակիցներուն ներկայացուց «Հայ Մանկավարժ»ի` «Ձմեռ 2010» թուագրեալ առաջին համարին բովանդակութիւնը` յօդուած առ յօդուած:

Անկէ
ետք խօսք առաւ «Հայ Մանկավարժ»ի պատասխանատու խմբագիր Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Հայր Գազանճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ նշեալ հանդէսը կը միտի սատարել հայ մանկավարժին՝ անոր տալով իր մարզին վերաբերող գիտական, մանկավարժական տեղեկութիւններ, խորանալու առիթներ, որպէսզի ան իր կարգին սերունդներուն փոխանցելու եւ զանոնք դաստիարակելու կարողականութեամբ զինուած ըլլայ։ Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ նոր սերունդները լաւագոյնս դաստիարակելու դժուարին առաքելութեան՝ նշելով, որ այդ իմաստով օգտակար հանդիսանալու նպատակ հետապնդող նախաձեռնութիւն է «Հայ Մանկավարժ»ը։

Վարդան վրդ. Գազանճան հրաւէր ուղղեց մանկավարժներուն եւ ուսուցիչներուն՝ գաղափարներով, առաջարկներով, գրութիւններով կամ այլապէս` համագործակցելու եւ իրենց ներդրումը ունենալու  «Հայ Մանկավարժ»ի կայացման մէջ, հաւաստիացնելով, որ սոյն հրատարակութիւնը` ուղղուած ըլլալով ընդհանրական նպատակներու, կարիք ունի ընդհանրական ջանքերու եւ մասնակցութեան:

 

«
Հայ Մանկավարժ»ի հիմնադրութեան նուիրուած հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ իր խօսքի սկիզբին իսկ այս հանդէսը նկատեց «վերածնունդի մը շնորհաւորելի խոստում մը»։ Վերապատուելին իր խօսքին մէջ ծանրացաւ հինգ հիմնական կէտերու վրայ, որոնք հարցադրումներ եւ նոյն ատեն մարտահրաւէրներ են`  ուղղուած «Հայ Մանկավարժ»ին ։ Ան մանկավարժութեան հիմնական հինգ հարցերը նկատեց մանկավարժին ինքնութիւնը (լեզուն, լեզուական հարցերը, երեւակայութեան սահմանները, ինքնագիտակցութիւնը), կոչումն ու հոգենպաստ առաքելութիւնը (հոգեկան նուիրումը, հաւասարակշռութիւնը), պատրաստուածութիւնը (մթնոլորտը), աշխատանքի դաշտը (ներքին եւ արտաքին իմաստով, ծառայութիւնը, մարզը) եւ ընթացքը (աճն ու զարգացումը, կենցաղն ու մանկավարժին արժեչափերը

Իր խօսքի աւարտին, վերապատուելի Հայտոսթեան բարի երթ ու յաջողութիւն ցանկացաւ «Հայ Մանկավարժ»ին` հայ մանկավարժներու զարգացման ուղղուած աշխատանքին մէջ։

 

Հանդիսութեան
մասնակիցներուն իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ, ինչպէս ներկայացման ընթացքին որակուեցաւ` «Սփիւռքահայ մամուլի նահապետը եւ մեծաւորը»` Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան: Հայր Կռանեան «Հայ Մանկավարժ»ի հրատարակութեան լծուած անձնակազմը նկատեց ռահվիրաներ, որոնք ճամբայ կը բանան ու կը լուսաւորեն։ Ան աւելցուց, որ այդուամենայնիւ սկսուած աշխատանքը կիսատ պիտի մնայ, եթէ անոր հետեւողներ եւ անով զօրակցողներ գոյութիւն չունենան։ Ան ըսաւ, թէ զինուորը ունի իր զօրանոցը՝ հարց տալով, որ դաստիարակն ալ ունի՞ իր զօրանոցը։ Այս հարցումը հայր Անդրանիկ Կռանեան մարտահրաւէր նկատեց «Հայ Մանկավարժ»ին, որովհետեւ, ըստ անոր, այսօր մեծ են դժուարութիւնները, սերունդներու մտայնութիւն փոխելու խնդիր կայ, պէտք է պայքարը այնպէս մը ծաւալել, որ այսօրուան ցանածները վաղը հնձելու կարելիութիւն ու մարդուժ ստեղծուի։ Ան յոյս յայտնեց, որ մանկավարժական եւ ուսուցչական ասպարէզին մէջ գործողները ոչ միայն կարդան «Հայ Մանկավարժ»ին նիւթերը, այլ իրենց առօրեային մէջ գործնականացնեն զանոնք, որպէսզի հանդէսը իր նպատակին ծառայած ըլլայ։

Հանդիսութեան մասնակիցները սրահէն մեկնեցան իրենց հետ տանելով օրինակներ «Հայ Մանկավարժ»ի առաջին համարէն` տրամադրուած հրատարակիչ մարմնին կողմէ, որուն համար այսուհետեւ խիստ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ  կապը հայ մանկավարժական հանրութեան ներկայացուցիչներուն հետ` ի խնդիր պարբերաթերթի կայացման եւ անոր հետապնդած նպատակներուն իրականացման:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ