Զմմառ
Ուրբաթ 8 Մարտ 2013-ին, Անճարի Կարդինալ Աղաճանեան Տան 35 անդամներ, գլխաւորութեամբ կեդրոնին տնօրէն՝ Տէր Ալիշան Աբարթեանի եւ իր աշխատակազմին, այցելեցին Զմմառու վանքը, մօտէն ծանօթանալու համար վանքին հնադարեան պատմութեան: Անոնք այցելեցին զանազան բաժինները, յատկապէս նոր եւ հին թանգարանը, մատենադարանը, գինեմառանը իր նորոգուած բաժիններով: Ապա նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Նորընծայարանի շէնքը, որ այս տարի կը յիշատակէ իր կառուցման 50-ամեակը (1963): Միաբանութեան գերապատիւ հայրեր՝ մօտիկ եւ մտերմիկ զրոյցներով խօսեցան հայ կաթողիկէ դարաւոր վանքին արժէքներուն ու գոյութեան կենսականութեան մասին: Այդ բոլորին կողքին տեղի ունեցաւ կոչումներու մասին հակիրճ զրոյց մը: