Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսիս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կը փոխանցէ հետեւեալ պատգամը Հայկական Ցեղանպանութեան 92-րդ Ամեակի առիթով:
Յոյժ Սիրելի Նահատակաց զաւակներ եւ թոռներ,
Ս. Գիրքը կ’ըսէ. «Պատուական է Տիրոջ առջեւ իր սուրբերուն մահը» (Սղ. 116,15):
Այս խօսքէն ներշնչուելով կ’ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել կարգ մը խորհրդածութիւններուն եւ մտորումներուն շուրջ, որոնք կարեւոր կը նկատեմ ամէն հայի համար:
- Արդե՞օք հաշտուեցաք պատմութեան հետ, որուն զոհ գացին 1915ին ձեր սիրելիները, անմեղները՝ ահռելի տանջանքներու ենթարկուելէ ետք:
- Արդե՞օք քաջութիւնը ունիք ըսելու թէ անոնք ուղիղ կերպով վարուեցան հաւատարիմ մնալու համար իրենց լուսաւորչեան համոզումներուն եւ տոհմիկ աւանդութիւններուն, ու իրենց կեանքը չփորձեցին ազատել կրօնափոխ կամ ուխտադրուժ դառնալով:
- Արդե՞օք կ’ըմբոստանաք երբեմն Ամենաբարին Աստուծոյ դէմ, որ թոյլ տուաւ այսպիսի ահաւոր ջարդի մը, ու զայն չ’արգիլեց:
- Արդե՞օք հասկցաք անոնց զոհաբերութեան իմաստը՝ Քրիստոսի Խաչին լոյսին տակ:
- Արդե՞օք խաղաղութիւնը մտաւ ձեր սիրտը ու այլեւս ոխ չունիք թշնամիին հանդէպ, թէ տակաւին վրդոված էք:
- Արդե՞օք կարողութիւն ունիք ներելու ձեր ջարդարարին եւ զայն սիրել ինչպէս որ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, կամ կը նկատէք թէ այսպիսի քայլ մը՝ անկարելի է եւ անընդունելի:
- Արդե՞օք կը փափաքիք դառնութեամբ եւ ատելութեամբ ապրիլ ու այսպէս մեռնիլ այս սարսափազդու, անարդար եւ տմարդի կոտորածին պատճառով:
- Արդե՞օք հասկցաք մարդուն ազատութեան իմաստը, որ Աստուածն անգամ կը յարգէ:
- 1915էն ետք, քան՞ի ու քանի ուրիշ ցեղասպանութիւններ տեղի ունեցան խլելով միլիոնաւոր անմեղներու հոգիներ, թերեւս թիւով մեզմէ աւելի:
- Արդեօք ի՞նչ է Աստուծոյ իմաստութիւնը այս հարցին շուրջ, եւ արդե՞օք Աստուած անմեղ զոհերը կը սիրէր, որ թոյլ տուաւ որ ջարդուին:
- Խորհեցաք եւ ըմբռնեցիք արդեօք թէ ինչո՞ւ համար Աստուած ձգեց որ իր Միածին Որդին մեռնի Խաչին վրայ անօրէններու ձեռքով եւ ո՞ր նպատակին համար:
- Արդե՞օք հասկցաք Յիսուսին զոհուելուն իմաստը եւ Աստուածամօր դերը Խաչին մօտ կեցած:
- Արդե՞օք ըմբռնեցիք ձեր պարտականութիւնը յիշելու միշտ ձեր պապերուն կեանքի անզուգական նուիրումը՝ անվթար պահելու ձեր նախնիքներու ձեզի ձգած աւանդը, խուսափելու համար ճերմակ ջարդէն, որ ձեզի կը սպառնայ:
Եթէ ըմբռնեցիք Յիսուս Քրիստոսին զոհուելուն իմաստը եւ ձեր պարտականութիւնը, սրտի խաղաղութիւնը պիտի վայելենք եւ շատ հարցեր պիտի յստականան ձեզի համար, ու զանոնք պիտի կարենաք փոխանցել ուրիշներուն: Սակայն, համոզուած պէտք է ըլլաք որ առանց Աստուածային շնորհքի եւ առանց աղօթքի ու խոր հաւատքի, ու մարդու ազատութեան իմաստը հասկնալու այդ անկարելի պիտի ըլլայ: Արդարեւ, Քրիստոսի եւ մարտիրոսներուն կեանքի զոհաբերութիւնը փրկութեան պատճառ է մեզի համար եւ ոչինչ ապարդիւն կը մնայ Աստուծոյ քով:
Կեանքը յաղթեց ցեղասպանութեան: Քրիստոս կեանքն է եւ Իր Սուրբ Յարութեամբը նոր կեանք պարգեւեց հայ ազգին եւ արդարներուն պսակով պսակեց մեր միլիոնաւոր նահատակները:
Սաղմոսը կ’ըսէ. «անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ Տիրոջ առջեւ» (Սղ. 72,14), եւ Սուրբ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Քանի որ բաժնեկից ենք Քրիստոսի չարչարանքին, մասնակից պիտի ըլլանք նաեւ անոր փառքին» (Հռոմ. 8,17):
Ուստի, սիրելիներ, Ապրիլ 24ը սգատօն պէտք չէ նկատել, այլ փառատօն պէտք է կոչել:
Աստուած ձեզ օրհնէ եւ լուսաւորէ: