Ուրբաթ, 20 Մարտ 2015 - Ինչո՞ւ սիրել Տիրամայրը

 

 

 

Փարիզ

 

 

Փարիզի «Սուրբ Խաչ» Առաջնորդութեան «Եկեղեցին Հայկական» պարբերաթերթէն շնորհուած, հայր Կռանեանին այս շահաբեր յօդուածը կու տանք մեր ընթերցողներուն առ ի պատրաստութիւն մայիս ասմուան ջերմեռանդութեան:

 

 

Մեր շուրջ մարդիկ կան, որոնք կը հարցնեն թէ ի՞նչ բանի համար պէտք է սիրենք Տիրամայրը: Պատասխանելէ առաջ այս «ինչո՞ւ» ին, ես ալ զոյգ հարցում ունիմ.

– Իսկ ինչո՞ւ չսիրել Մարիամը: Ան ի՞նչ գէշութիւն ըրած է մեզի կամ մենք ի՞նչ գէշութիւն կ'ընենք Տիրամայրը սիրելով:

 

Մարդիկ կրնան բողոքել.- «Ո՞վ ըսաւ որ մենք չենք սիրեր Մարիամը»: Ես ալ կը պատասխանեմ.- Մարիամը ի՞նչ տեսակ սիրել է երբ զայն կը դասենք Սուրբ Գիրքի հրեայ կարգ մը ընտիր կիներուն՝ Եսթերի, Յուդիթի, Աննայի, Սառայի, եւն. շարքին եւ կը մերժենք անոր մեծագոյն արժանիքը՝ անոր Աստուածամայրութիւնը:

 

Հայ ազգը Տիրամայրը առաջին օրէն մեծարեց ու սիրեց իբր Աստուածամայր: Բացէ՛ք մեր ազգին գանձերէն հայ Շարակնոցը: Եթէ անոր էջերէն հանենք Տիրամայր Աստուածամայրութեան նուիրուած աղօթքներն ու շարականները, զայն կը դարձնենք կողոպուտի ենթարկուած տուն մը: Հայ ազգը Մարիամը իբր ի՞նչ այնքան պիտի սիրէր եթէ ան Աստուածամայր չըլլար:

 

Այժմ փորձենք բացատրել թէ ինչու' հայ ազգը Մարիամը այնքան սիրեց ու մեծարեց:

 

1-     Հայ ազգը Տիրամայրը սիրեց, նախ եւ առաջ՝ որովհետեւ ի'նք Յիսուս սիրեց ու մեծարեց Մարիամը եւ կը ցանկայ որ մենք ալ Իր Մայրը սիրենք եւ մեծարենք Իրեն պէս: Յիսուսը սիրողը չի կրնար Անոր Մայրն ալ չսիրել ու ասիկա՝ այն նոյն պատճառով որով Յիսուս Իր Մայրը սիրեց ու մեծարեց:

 

2-     Հայ ազգը Տիրամայրը սիրեց, որովհետեւ Հայր Աստուած ի յաւիտենից զինք սիրեց ու ընտրեց որպէս Մայրը իր Միածինին ու մեր Փրկչին, իսկ Սուրբ Հոգին՝ որպէս իր Հարսը...:

 

3-     Հայ ազգը Մարիամը սիրեց, որովհետեւ Մարիամ ալ մեզ սիրեց ու մեզի համար մասնակից դարձաւ իր Որդիին չարչարանքներուն: Սիմէոն Ծերունին տաճարին մէջ գուշակեց անոր սիրտը խոցող սուրը:

 

4-     Հայ ազգը Տիրամայրը սիրեց, որովհետեւ ան մեր ալ Մայրը դարձաւ երբ Յիսուս խաչին վրայէն Իր Մայրը Յովհաննէս առաքեալին յանձնեց, ըսելով.- «Ահա' քու մայրդ»: Եւ Յովհաննէս այն օրէն Մարիամը իր քովն առաւ, կ'ըսէ Աւետարանը (Յվհ 19, 27): Ու այն օրէն՝ Յիսուսին Մայրը մեզի' ալ Մայր եղաւ: Ըսէք ինծի, երբ Իր սրտին հատորը մեզի մայր կու տայ, մենք ի՞նչ տեսակ քրիստոնեաներ ըլլալու ենք, որ կ'անտեսենք Յիսուսի կողմէ մեզի տրուած այսպիսի թանկագին նուէր մը, մենք ի՞նչ տեսակ քրիստոնաներ ենք եթէ Յիսուսին Մայրը պիտի դասենք Սառաներու, Յուդիթներու, Եսթերներու, եւն. Շարքին: Անոնք որ Տիրամայրը չեն դիտեր իր Որդիին աչքերով, անոնք Որդին կը վիրաւորեն ու կ'անպատուեն...:

 

5-     Հայ ազգը Տիրամայրը սիրեց, որովհետեւ Մարիամ իր Որդիին քով երկինք վերափոխուելէն ետք, շարունակեց մեր Մայրը մնալ ու երկինքէն մեզի համար բարեխօսել ու միջնորդել, մեզ պաշտպանել մեր փորձութիւններուն մէջ՝ ամէն անգամ որ իրեն դիմենք որդիաբար: Մենք առանց Տիրամօր՝ որբեր կը մնանք աշխարհիս չարութեան դիմաց՝

 

Քրիստոնեայ Հայը երբ Տիրամայրը չի մեծարեր, սուտ կը հանէ Մարիամի ըրած մարգարէութիւնը երբ ան իր ազգականուհի Եղիսաբէթին ըսաւ.- «Բոլոր ազգերը ինծի երանի' պիտի տան»: Բոլոր ազգերը, ուրեմն նաեւ հայերը,,,, իսկ հայերուն ինչո՞ւ ո'չ բոլոր հայերը...:

 

Ի՞նչ կը շահինք Մարիամի Աստուածամայրութիւնը ուրանալով: Ի՞նչ կը կորսնցնենք Մարիամը իբր Տիրամայր սիրելով:

   

Գերյ հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ