Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ Պքերքէի ազգային փաստաթուղթին նուիրուած համագումարին

Պքերքէ

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը  մասնակցեցաւ Պքերքէի ազգային փաստաթուղթին նուիրուած  համագումարի բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 12 մայիս 2014-ին  «Հիլթոն» հիւրանոցին մէջ:

Պաշտօնական  հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչը, նախարարներ, երեսփոխաններ,  մարոնիթ եկեղեցւոյ  ներկայացուցիչը, կուսակցութիւններու, զինուորական եւ ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ:

Երկօրեայ համագումարի հիմնական նպատակն է ամուր հիմերու վրայ հաստատուած ազատ ու ինքնիշխան պետութեան մը կերտումին ի խնդիր վերջ տալ ներքին խռովութիւններուն եւ աշխատիլ յանուն Լիբանանի բարօրութեան ու բարգաւաճումին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ