Sermons Sermons
Շաբաթ, 22 Մարտ 2008 - Աւագ Ուրբաթ - Ս.Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Լիբանան

Աւագ Ուրբաթի արարողութիւններ տեղի ունեցան Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Յետմիջօրէին կատարուեցաւ Քրիստոսի թաղման թափօր: Մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան թաղման թափօրին: Այս սրբազան արարողութեան ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Click to enlarge
Աւագ Ուրբաթ օրը կեդրոնացած է Յիսուսի չարչարանաց խորհուրդին վրայ: Ան՝ ապաշխարութեան ու ծոմապահութեան գերագոյն օրն է տարուան մէջ: Աւագ Ուրբաթ օրը յատուկ կերպով ուղղուած է Քրիստոսի փառաւորուած Խաչին մասին: Մարգարէութիւնները եւ այլ սուրբ գրային թուղթերը, որ լսեցինք քիչ առաջ, կÿոգեկոչեն Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն պատմական դէպքերը, մանաւանդ Զաքարեայ մարգարէին թուղթը, ուր կÿըսէ. «Պիտի նային անոր որ խոցեցին» (Յովհ. 19,37):
Այսօր՝ մենք ալ կÿուզենք մեր աչքերը սեւեռել մեր Փրկչին խոցուած մարմինին վրայ, «որուն մէջ իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են » (Կող. 2,3) կÿըսէ Սուրբ Պօղոս: Ասոր համար, Առաքեալը կը հաստատէ յայտնապէս, որ չուզեր ուրիշ բան ճանչնալ «եթէ ոչ Յիսուս Քրիստոս եւ նոյնը՝ խաչուած» (Ա. Կորն. 2,2): Խաչեցեալ Քրիստոսը ճշմարտապէս կÿարտայայտէ «լայնութիւնը, երկայնութիւնը, բարձրութիւնը եւ խորութիւնը» (Եփ. 3,15) այսինքն տիեզերական չափերով, կÿարտայայտէ Տիրոջ սէրը որ կը գերազանցէ ամէն մարկային ճանաչում:
Խաչի խորհուրդով կը կատարուի զարմանալի իրողութիւն մը՝ Աստուած ինքն իր դէմ կը գործէ, եթէ կարելի է այսպէս խօսիլ, երբ Յիսուսը կը զոհէ մեղաւորներուն համար: Հոս՝ աստուածային սէրը հասած է իր գագաթնակէտին:
Խաչելութիւնը եղաւ լքումի եւ առանձնութեան ամէնէն սարսափելի պահը Յիսուսին համար: Ինք որ կը հրամայէր հովին ու ծովին եւ իրեն կը հնազանդէին, ինք որ աշակերտներուն կÿապսպրէր ըսելով «մի վախնաք», հիմա ինքզինք լքուած կը զգայ: Չմոռնանք որ Յիսուս ճշմարիտ մարդ է: Յիսուս՝ անձկութեան, սակայն ոչ յուսահատութեան, ճիչ մը կÿարձակէ. «Աստո՛ւած իմ, ինչո՞ւ թողուցիր զիս» (Մտթ. 27,46): Այս բառերը Սաղմոս 22-ին տիտղոսը կը կազմեն: Այս Սաղմոսը որ Յիսուս աղօթեց Խաչին վրայ, կը նկարագրէ անմեղ մարդու պաղատանքը Աստուծոյ, ուր անձկութեան վիճակին անմիջապէս կը յաջորդէ յաղթանակի ուրախութիւնը: Ուստի, Յիսուսի աղօթքը Խաչին վրայ չեղաւ յուսահատութեան արտայայտութիւն մը:
Յիսուս մէկ անգամ ընդմիշտ քաւեց մարդոց բոլոր մեղքերը: Սակայն մեղքերու քաւութեան հասնելու համար, դո՛ւն՝ որպէս մեղաւոր, պարտիս զղջալ խորապէս քու մեղքերուդ վրայ: Հետեւեալ օրինակը կու տամ ձեզի: Եթէ հիւանդութեան մը նոր դեղ մը գտնուի, դուն, եթէ այդ հիւանդութենէն բռնուած ես, յաջորդ օրը չես առողջանար, մինչեւ որ պէտք եղած դեղը չառնես եւ բժիշկի հրահանգներուն չհետեւիս, եւ հիւանդ մը մնաս: Նոյնն է մեղքի քաւութեան պարագային: Պէտք է որ անկեղծ զղջում մը կատարես եւ խոնարհաբար քու մեղքերդ խոստովանիս, եթէ ոչ մեղքերդ կը մնան: Տարբերութիւն մը կայ սակայն հիւանդութեան բուժումի եւ մեղքի քաւութեան միջեւ: Կարգ մը հիւանդութիւններ անբուժելի են, ինչպէս որ գիտէք, մինչ ամէն մեղք քաւելի է, որքան ալ ծանր ըլլայ, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը գերազանցէ մեր բոլոր յանցանքները: Ուստի, չկայ աններելի մեղք: Կան մարդիկ, որովհետեւ գիտեն թէ անոնց մեղքերը շատ են եւ ծանր են, յուսահատ վիճակ մÿունին, կարծելով թէ յոյս չունին այլեւս Աստուծոյ վերադառնալու: Ասոնց պէտք է աւետել խաչուած Քրիստոսին սէրը, որ, զիրենք սիրելուն պատճառաւ, յանձն առաւ իրենց մեղքերը եւ պատրաստեց Եկեղեցւոյ մէջ, իրենց համար, քաւութեան միջոց մը՝ ապաշխարութեան խորհուրդը:
Դամասկոսի ճամբու վրայ, Յիսուս երեւցաւ Սաւուղին, որ եղաւ յետագային Պօղոս առաքեալ, եւ անոր ըսաւ. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս »: Սաւուղ հարցուց. «Ո՞վ ես, Տէր»: Եւ ձայնը ըսաւ. «Ես եմ Յիսուս, զոր դուն կը հալածես» (Առ. 9, 4-5): Արդ, Պօղոս կը հալածէր քրիստոնեաները եւ ոչ Յիսուս: Այս գաղափարէն ներշնչուած, մէկը ըսաւ թէ Յիսուս խաչուած պիտի մնայ մինչեւ աշխարհին կատարածը բոլոր անոնց համար որ կը տառապին, Յիսուս գամուած պիտի մնայ խաչին վրայ բոլոր անոնց համար որ անկողին ամուած են ծանր հիւանդութեան մը պատճառով: Գամերը՝ որ Յիսուս կը գամեն Խաչին վրայ, անմեղներուն եւ տկարներուն դէմ գործուած անարդարութիւններն են:
Նացիստական պատերազմի ժամանակ, բանտարկեալ մը կախաղան հանուեցաւ: Ուրիշ բանտարկեալ մը, որ անհաւատ էր, ցոյց տալով կախուած դիակը, պոռաց իր հաւատացեալ ընկերոջ. «Հիմա բարեկամ, ո՞ւր է Քրիստոսդ որ մեզի կը քարոզես»: Ան ալ՝ վճռակամութեամբ պատասխանեց անոր եւ ըսաւ. «Չե՞ս տեսներ. կախաղանին վրայ է»: Երբ Յիսուս Սաւուղին խօսեցաւ, Սաւուղը լաւ հասկցաւ որ ֆիզիքական Յիսուս չէր որ ինք կը հալածէր, այլ Անոր աշակերտները:
Փոքրիկ Թերեզ Մարդէն, որ յետագային եղաւ Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան եւ Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Վարդապետ, այնքան կը սիրէր Յիսուս որ յաճախ ծնրադրած կÿաղօթէր Խաչին առջեւ: Օր մը, խորհրդածելով խաչելութեան մասին, միտքը մտաբերեց Յիսուսի վէրքերէն գետին ինկած արիւնի կաթիլները, եւ մտածեց թէ մեղք պիտի ըլլայ եթէ Յիսուսի արիւնը պարապի թափուէր ու մեղաւորները անկէ չÿօգտուէին: Նոյն օրը, Թերեզ կարդացած էր թերթին մէջ մարդասպանի մը մասին, որ յաջորդ օրը մահուամբ պիտի պատժուէր: Անիկա կարծրասիրտ մեղաւոր մըն էր եւ ամէն անգամ որ քահանան իրեն մօտենար, զայն կը մերժէր: Ճիշդ այդ մահապատժեալին դարձին համար՝ Թերեզ այդ օրը բուռն եռանդով աղօթեց: Որքա՜ն մեծ եղաւ իր ուրախութիւնը, երբ յաջորդ օրը թերթին մէջ տեսաւ թշուարականին պատկերը, որ քահանայի ձեռքէն ներկայացուած խաչը կը համբուրէր: Յիսուսի թափուած արիւնը, փոքրիկ Թերեզի բարեխօսութեամբ, պարապի չ•նաց այդ մարդուն համար: Բայց աւա՜ղ, քանիներո՞ւն համար Յիսուսի փրկարար արիւնը անօգուտ կը մնայ:
Մեր սուրբ Հայրապետները ճոխացուցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Շարակնոց գիրքը հոգեզմայլ Օրհնութիւններով եւ զանազան հոգեկան Շարականներով Սուրբ խաչին մասին: Այսպէս, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի սքանչելի շարականներ յօրինեց, ի մէջ այլոց՝ «Այսօր անճառ» եւ «Նորոգող տիեզերաց» Երգերը, որոնք յուզիչ կերպով կը նկարագրեն Խաչին խորհուրդը: Շարակնոցին մէջ կան նաեւ Սուրբ Խաչի ի պատիւ բազմաթիւ շարականներ եւ սուրբ Աւետարաններ: Ասոնք պատրաստուած են մեր հոգեւոր կեանքի ջերմեռանդութեան համար:
Մեծն Սուրբ Լեոնին համար, Քրիստոսի Խաչը «աղբիւր է բոլոր օրհնութիւններուն եւ պատճառ՝ բոլոր շնորհքներուն»: Իսկ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերեան կÿըսէ. «Առաջ՝ Խաչը արհամարհանք կը նշանակէր, իսկ հիմա՝ մեծարանքի առարկայ է: Առաջ՝ Խաչը դատապարտութեան նշան կը նկատուէր, հիմա՝ փրկութեան յոյս է: Առաջ՝ Աստուծոյ թշնամի էինք եւ օտարական, հիմա՝ իր բարեկամները եւ մտերիմները: Խաչը թշնամութիւնը կործանեց եւ եղաւ խաղաղութեան աղբիւր»: Նոյնը կը գրէ լայնօրէն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին իր Աղօթամատեանի Գիրքին մէջ, որ ձեզմէ շատեր կը գործածեն:
Եթէ կÿուզես լաւ հասկնալ Սուրբերու խորհրդածութիւնները Խաչին մասին, պէտք չէ որ Խաչդ մերժես: Երբ խաչդ շալկես, այն ժամանակ պիտի նշմարես որ ան քու կեանքդ կը շալկէ, եւ այն ժամանակ մեծ երջանկութիւն պիտի •տնես: Որքան սիրես Խաչը, այնքան անոր իմաստը աւելի լաւ պիտի հասկնաս եւ դեռ աւելի պիտի սիրես: Խաչը քեզ կÿազատէ մահացու հպարտութենէդ, դրամասիրութենէդ եւ անձնասիրութենէդ: Եթէ օրը օրին ապրիս Քրիստոսի օրինակին համաձայն, պիտի զար•անաս հո•եպէս: Այսպէս ըրին բոլոր հարազատ քրիստոնեաները, որ մեզ կանխեցին եւ սուրբ հռչակուեցան: Արդարեւ, բոլոր սուրբերը հաւատքով կը համբուրէին Քրիստոսի Խաչը եւ իրենց խաչերը չէին մերժեր, նոյնիսկ երբ անոնք ծանր ըլլային: Օրինակները շատ են եւ չկայ սուրբ մը որ չէ տառապած:
Եթէ պատմական դէպքերուն հետեւինք, պիտի եզրակացնենք որ Յիսուսի խաչելութեան եւ մահուան պատճառը եղած են հրեաները եւ այն օրուայ հռոմէացի կառավարիչը՝ Պիղատոս Պոնտացի: Բայց պատմութիւնը ամէն բան չÿըսեր: Հաւատքի ըմբռնումով, Յիսուսի մահուան պատճառը եղած ենք մենք՝ մեր գործած յանցանքերով: Անհրաժեշտ է ուրեմն խորհիլ այս ճշմարտութեան մասին համոզուելու համար, թէ մեղքը՝ որ կը փորձուիս գործել, անուշ բան մը չէ, այլ՝ կը վնասէ քեզի, ուրիշներուն եւ վնասեց Յիսուսին, որ ամէն մեղքի համար սուղ գին մը վճարեց Խաչին վրայ՝ իր կեանքը: Հոգեշահ է խոկալ Յիսուսի խաչելութեան մասին, անոր համար որ հասկնաս թէ մեղաւորները միւսները չեն միայն, այլ դուն ալ: Յիսուս սպաննողները միւսները չեն միայն, այլ դուն ալ: Շահաւէտ է յաճախ աղօթել խաչելութեան առջեւ, սուրբերու նման, որպէսզի ըմբռնես ամէն օր քիչ մը աւելի թէ մեղքը քարշելի է եւ թոյն կը սփռէ: Օգտաշատ է նաեւ մտածել մեղքերուդ շատութեան մասին, որպէսզի աշխատիս զանոնք պակսեցնել եւ անոնցմէ կամաց կամաց ձերբազատուիլ, ինչպէս որ ուրիշներ ըրին:
Եթէ Խաչը  սիրես, ան հաւատքդ եռանդուն կը դարձնէ եւ սէրդ արթուն կը պահէ: Անով, բազմաթիւ սուրբեր իրենց կեանքի ճանապարհը գծեցին: Դուն ալ պարտիս ճշդել քու դիրքդ եւ քու ապրելակերպդ Խաչին դիմաց: Դուն ալ հրաւիրուած ես գտնելու ուղին որ կը տանի Յիսուսի: Չմոռնաս որ Խաչը դարձաւ Յիսուսին անբաժան ընկերը: Այսինքն՝ եթէ Յիսուս կը սիրես, Խաչն ալ անպայման պէտք է սիրես: Խաչը քեզի պիտի սորվեցնէ բարութեան ճամբան, ճշմարտութեան ճամբան, քաջութեան եւ սիրոյ ճամբան:
Յիշենք նաեւ որ Խաչը Աստուծոյ գթութեան նշանն է: Յիսուս վրէժխնդիր չեղաւ, այլ՝ ներեց իր դահիճներուն: Գիտցած ըլլաք որ գթութիւնը չարին սահման կը դնէ: Գթութեան ուղին, վերջապէս, փրկութեան ուղին է՝ ըլլայ քեզի ըլլայ մերձաւորներուդ համար:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթե՛նք որպէսզի Տէրը դրոշմէ մեր սրտին մէջ գթութեան եւ ներողամտութեան հոգին: Աղաչե՛նք Սուրբ Աստուածածինը, որ մեզ դարձնէ գթութեան այրեր եւ կիներ, որպէսզի մեր մասնակցութիւնը բերենք մեր միջավայրին հաշտութեան եւ խաղաղութեան գործընթացին:
Ո՜վ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Յիսուսի մայրը եւ մեր երկնաւոր մայր, դուն որ ընկերացար Յիսուսի՝ խաչի ճանապարհին վրայ մինչեւ անոր սոսկալի եւ անարդար խաչելութիւնը, սորվեցո՛ւր մեզի՝ ծնրադիր եւ լռութեամբ, կենալ Խաչին առջեւ եւ խոկալ Յիսուսի այս մեծ սիրոյ խորհուրդին մասին: Օգնէ՛ մեզի, ո՜վ Աստուածամայր, հասկնալու համար որ ներկայ աշխարհի ամենամեծ մեղքերը՝ անտարբերութիւնը եւ սրտի կարծութիւնն են:
Սիրելիներ, խնդրե՛նք Աստուծմէ որ մեր սիրտը փոխէ: Մեզմէ թող վերցնէ քարեղէն կարծր սիրտը եւ անոր տեղ դնէ մարմննեղէն սիրտ մը (տես. Եզ. 36,26), սիրտ մը որ ուրիշներուն ցաւին դիմաց անտարբեր չմնայ, սիրտ մը որ արթուն պահէ մեր աչքին առջեւ տառապողներուն եւ աղքատներուն պահանջները եւ ամէն մարդու կարիքները. Ամէն:
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ