Երկուշաբթի, 27 Յուլիս 2009 - Զմմառու վանքին հիմնադրութեան 260ամեակ
Զմմառ
Նախագահութեամբ Ամեն Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան, Զմմառու միաբանութեան հիմնադրութեան 260ամեակին եւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի երանացման Ը. տարեդարձին առիթով, երէկ՝ կիրակի, 26 յուլիս 2006-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Զմմառու մայրավանքի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին Նարեկ վրդ. Լուիսեան (հայերէն) եւ Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան (արաբերէն): Անոնք շեշտեցին, որ Զմմառու մայրավանքին մէջ դարեր շարունակ սնած եւ ուռճացած են ճշմարիտ միաբան վարդապետներ, որոնք հնազանդութեան, ողջախոհութեան եւ աղքատութեան երդումով գօտեպնդուած՝ մեծապէս նպաստած են եկեղեցւոյ աշխատանքին:
Ապա «Կռունկ» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի, մեկնաբանեց երգերու փունջ մը:
Օրուան պատգամը արաբերէնով փոխանցեց պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց Զմմառու վանքի հիմնադրութեան եւ անոր հիմնադիրին Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեան կաթողիկոս պատրիարքի տարած աշխատանքներուն վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ 206-ամեայ այս վանքին մէջ ապրած է երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան, որ 16 այլ միաբաններու հետ միասին նահատակուած է 1915-ին՝ իր ունեցած քրիստոնէական զօրաւոր հաւատքին համար: Ապա երգչուհի Ապիր Նաամէ մեկնաբանեց փունջ մը շարականներ եւ հոգեւոր երգեր, ինչպէս նաեւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» եւ «Մահապպա» երգերը՝ ընկերակցութեամբ «Կռունկ» երգչախումբին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ