Օրհնեալ է քո յարութիւնդ Աստուած, որ ըզմահ մահու ծանուցեր քոյին կամաւոր մահուամբդ. Քո յարութեանդ փառք վայելէ երկայնամիտ Տէր (Համբարձի Յարութեան ԲԿ)
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,
Ծոմի, պահքի եւ լռութեան քառասուն օրերէն ետք, Աւագ Շաբթուան չարչարանաց, Գողգոթայի ճանապարհի տառապանքէն, խաչի վրայ անարգ մահէն եւ վիմափոր գերեզմանի խաւարէն ետք՝ Եկեղեցին, միացած իւղաբեր կանանց աւետաբեր հրեշտակներուն հրճուագին կը գոչէ. «Օրհնեալ է յարութիւնդ, ո՛վ Աստուած, որ կամաւոր մահուամբդ՝ մահուան անզօր ըլլալը յայտնեցիր. Յարութեանդ փառք կը վայելէ, համբերատար Տէր:
Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսով իրենց լրումին հասան օրէնքն ու մարգարէներուն կանխասացումները: Խաչը՝ Յարուցեալ Քրիստոսով, դադրեցաւ ըլլալէ անարգութեան նշան եւ դարձաւ նշան յաղթութեան: Յիսուս՝ մեր սիրոյն համար հնազանդելով Հօր Աստուծոյ կամքին, ինքզինք բոլորանուէր զոհելով խաչին վրայ, յեղաշրջեց մարդկութեան պատմութիւնը, պարտութեան մատնեց մահուան խայթոցը եւ անմահութեան կնիքով դրոշմեց բոլոր անոնք՝ որոնք հաւատքով իրեն միացան:
Այս է Զատկական մեծ խորհուրդը զոր Եկեղեցին ցնծութեամբ կը տօնէ՝ Յարուցեալ Քրիստոսը ամբողջ մարդկութեան կը պարգեւէ յաւիտենական կեանքը: Յարուցեալ Քրիստոսը՝ Աստուածորդին, ամէն անհատի կարողութիւն կը պարգեւէ ըլլալու որդեգիրն Աստուծոյ եւ մասնակցելու աստուածային կեանքին:
Աւետարանիչները կը վկայեն թէ յարութենէն ետք, Յիսուս բազմիցս երեւցաւ եւ հանդիպեցաւ իւղաբեր կանանց, տասներկու առաքեալներուն եւ իր աշակերտներուն, որոնք երեք տարիներ շարունակ հետեւած էին իրեն ու ծառայած: Այս բոլոր հանդիպումները պարուրուած են միահամուռ եւ բնորոշիչ յատկանիշով մը՝ որ է յարուցեալ Տէրը տեսնելու գերմարդկային երջանկութիւնը: Երջանկութիւն մը՝ որ կեանքի իւրայատուկ ուղեգիծ է բոլոր անոնց համար, որոնք կ'ապրին Քրիստոսի յարութեան հաւատքով: «Տէրը տեսնելով, աշակերտները ուրախութեամբ լեցուեցան» (Յովհ. 20, 20). «Անոնք երկրպագութիւն ըրին առջեւը եւ ուրախութեամբ համակուած՝ վերադարձան Երուսաղէմ» (Ղուկ. 24, 52):
Ճշմարիտ հաւատացեալը այն անձն է, որ լիովին կը փարի յարուցեալ Քրիստոսին եւ Անոր վրայ կը հիմնէ ամբողջ իր գոյութիւնն ու կեանքը: Ճշմարիտ հաւատացեալը չի բաւականանար միայն իր հաւատքին մասին առողջ եւ խոր համոզումներ ունենալով, այլ, ա՛ն մանաւանդ երջանկութեամբ կ'ապրի իր հաւատքը, գիտակցութիւնն ունենալով որ իր փրկութիւնը արդիւնքն է Աստուծոյ սիրոյն եւ զօրութեան, ա՛յն աստուածային սէրն ու զօրութիւնը, որոնք յայտնուեցան Քրիստոսի մահուան եւ յատկապէս հրաշափառ յարութեան ժամանակ:
Սուրբ Զատիկը ծիսական տարիին նպատակակէտն է, որ ուրախութեան կը վերածէ Աւագ Շաբթուան տրտմութիւնն ու թախիծը: Յարութեան տօնը՝ զոր ամէն տարի Եկեղեցին եւ հաւատացեալները ուրախութեամբ կը նշեն, նախերգանքն ու նախապատրաստութիւնն է յաւիտենական կեանքի երջանկութեան, խոստացուած՝ բոլոր հաւատացեալներուն: Քրիստոս յարութիւն առաւ մեզի համար, մենք ալ յարութիւն կ'առնենք Քրիստոսով:
Ի խորոց սրտի կը մաղթեմ բոլորիդ որ յարուցեալ Քրիստոսի Հոգիով ապրիք այս զատկական սուրբ տօնը: Մեր պապենական հաւատքին սիրտ ու կեդրոն հանդիսացող Յիսուսի յարութիւնը պարգեւէ բոլորիդ խաղաղութիւն, յոյս եւ երջանկութիւն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Միքայէլ Եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին