Պէյրութ
«Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու նպատակով Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի հրաւէրով Պէյրութ ժամանած յայտնի գրող եւ իրաւաբան, Հրանդ Տինքի դատապաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէն ընկերակցութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի եւ հայր Ղազար վարդապետ Պետորսեանի, ուրբաթ 27 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ: