Պուրճ Համուտ, Լիբանան
Հինգշաբթի, 6 Մայիս 2010-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտական խորհուրդը ներկայացնող խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպան կռիւներուն ընթացքին նահատակուած լիբանանահայ երիտասարդներուն նուիրուած յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին այնտեղ, Լիբանանի Նահատակաց Օրուան առթիով: