Երկուշաբթի, 26 Յունուար 2015 - Ցեղասպանութեան յուշարձան Թեհրանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ » հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

 

Թեհրան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թեհրանի Ալիք օրաթերթէն քաղուած տեղեկատուական յօդուածը Ամենապատիւ Տէր Նեսրէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Իրանի հայ կաթողիկէ թեմին կատարած հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած երկու իրադարձութիւններու մասին:

Չորեքշաբթի, յունարի 21-ին, Իրան  ժամանեց Հայ Կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարք Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ., մասնակցելու  Թեհրանի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման 60 ամեակի եւ Չիլոյեան հանգստեան տան 50 ամեակի միջոցառումներուն:

Այդ առիթով ուրբաթ 23 յունւարի առաւօտեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, հայրապետական սուրբ  Պատարագ մատուցեց «Սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչ»  հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որու ընթացքին օրուան խորհուրդի մասին քարոզեց համախմբուած հաւատակիցներուն:

Սուրբ Պատարագի աւարտին, ամենապատիւ  կաթողիկոս պատրիարքի ձեռամբ սուրբ միւռոնով օծուեցաւ եկեղեցւոյ  բակին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը: Յուշարձանի օծումէն  յետոյ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը  կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն հանգամանքին, որ եկեղեցւոյ կողքին Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանի գոյութիւնը, կու գայ մեզ՝ Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն մէկ անգամ եւս յիշեցնելու մեր արմատներուն եւ անոնցմէ  բխած մեր արժէքները, մեր ինքնութեան կառչելու եւ մեզ կտակուած իրաւունքները ձեռք բերելու պահանջը:

Ապա արտայայտուեցաւ իրանահայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Արհիապատիւ հայր  Նշան արք. Գարաքեհէեանը, եւ ան իր արտայայտութիւններուն ընթացքին նշեց. «Կը պահանջենք արդարութիւն, կը պահանջենք հատուցում, հատուցում արեան, հատուցում ինչքի եւ հատուցում հողի»:

Արարողութեան ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ տէր Մակար եպս. Աշգարեանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Սերգէյ Շահվերդեանը եւ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հայրեր ու աշխարհական ներկայացուցիչներ:

Նոյն օրը երեկոյեան, Թեհրանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի նախաձեռնութեամբ, Հայ հասարակական միութեան (Հայ ակումբ) սրահուին մէջ գեղարուեստական միջոցառմամբ նշուեցաւ «Սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչ»  եկեղեցւոյ  օծման 60 ամեակը, իսկ Չիլոյեան հանգստեան տան 50 ամեակնը:

Միջոցառման գեղարուեստական բաժինին մէջ  մեներգով ու զուգերգով հանդէս եկան Լուսինէ Միքայէլեան եւ Շաքէ ու Հանրի Յարութիւնեանները, դաշնամուրով Լուիզա Աւետիսեան, ասմունքային կատարումներով Աննա Զարգարեանը, պարային կատարումներով ելոյթ ունեցան «Զարթօնք» պարախմբի պարուհիները ղեկավարութեամբ՝ Լորետա Աւետիսեանի, իսկ հանդիսութեան հաղորդավարն էր՝ Սոնիա Դանիէլեանը:

Միջոցառումին, «Սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ  պատմականը ներկայացուց Կարինէ Խալաթեանը: Ան իր խօսքին մէջ  մասնաւորապէս նշեց, որ եկեղեցւոյ  կառուցումը  սկսած է 1950-ի յունիսին:

Չիլոյեան հանգստեան տան պատմականը ներկայացուց Արա Միքայէլեան, իսկ գործունէութեան մասին՝ Հենրիկ Յակոբեան:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ տեսաֆիլմի ցուցադրումով, որ պատրաստած էր Կարէն Մնացականեանը, որ ցոյց տուաւ նաեւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ Իրան կատարած այցելութենէն  հատուածներ:

Վերջաւորութեան ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հրաւիրուեցաւ արտայայտուելու եւ ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ընդհանրապէս իրանահայ համայնքի կապուածութեանը մասին  հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: Ան նաեւ կարեւորեց Իրան Հայաստան բարիդրացիական յարաբերութիւնները:

Կաթողիկոս Պատրիարքը նշեց նաեւ որ ապրիլի 12-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի նախագահութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով, սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Վատիկանի մէջ, եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 100 ամեակին  նուիրուած միջոցառումներուն:

Ծրագրին ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ տէր Մակար եպս. Աշգարեանը, Իրանի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը եւ դեսպանութեան դիւանագիտական աշխատակազմը, Իսլամական  խորհրդարանի Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ  հոգեւոր հայրեր, Թեհրանի հայոց թեմական խորհրդի, «Ալիք» օրաթերթի եւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ