Զմմառ, 01 Յունիս 2014
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Մայիս ամսուայ ընթացքին միասին աղօթեցինք Սուրբ Վարդարանը, որ մեզի յիշեցուց Աստուածամօր եւ Յիսուսի կեանքէն կարեւոր հանգրուաններ, որոնք կապ ունին մեր կեանքին եւ մեր փրկութեան հետ: Ամէն օր, կատարեցինք Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութիւնը Մարիամի, մեր երկնաւոր մօր հետ միասին: Մարիամ, որ Յիսուսի մայրն է, ապահով ճամբաներով մեզ առաջնորդեց դէպի Յիսուս, որպէսզի մեր կեանքը լուսաւոր ըլլայ, որպէսզի սխալ ճամբայ չբռնենք, որպէսզի լաւ հասկնանք Աստուծոյ կամքը, ինբպէս ինք լաւ հասկցաւ Աստուծոյ խօսքը եւ զայն կատարեց խոնարհութեամբ եւ կատարեալ հնազանդութեամբ:
Կրնանք համառօտել Մարիամին կեանքը 3 բառերով՝ լսել, որոշել եւ գործել: Այս երեք բառերը կը գծեն մեզի համար մեր բռնելիք ուղին, մեր կեանքին ճանապարհը, կատարելու համար Աստուծոյ կամքը մեր կեանքին մէջ:
Առաջին հանգրուանը՝ լսել: Աստուծոյ հրեշտակը կը ներկայանայ դեռատի Մարիամին եւ իրեն կ'աւետէ որ ան Յիսուսի մայրը պիտի ըլլայ: Մարիամ ուշադրութեամբ կը լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ ոչ թէ մակերեսային կերպով, այսինքն կ'ընդունի ինչ որ կ'ըսուի իրեն: Ան ուշադրութեամբ կը լսէ, այսինքն պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ Աստուծոյ խօսքը կատարելու: Ուշադրութեամբ կը լսէ, կը նշանակէ ոչ ցրուած ձեւով կը լսէ, ինչպէս մենք երբեմն կը լսենք, բայց իրականութեան մէջ չենք լսեր: Մարիամ այսպէս չլսեց, այլ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ հրեշտակին արտասանած ամէն մէկ բառին: Այսպէս, մենք ալ պէտք է լսենք Աստուծոյ խօսքը՝ Մարիամին պէս, լսել՝ անոր կարեւորութիւն ընծայելով:
Մարիամ կը ջանայ հասկնալ հրեշտակին խօսքերը եւ զանոնք թափանցել տալ իր գործնական կեանքին մէջ հարցումներ ուղղելով Աստուծոյ հրեշտակին եւ լուսաբանութիւններ խնդրելով իրմէ: Օրինակի համար, երբ հրեշտակը իրեն կ'ըսէ որ մայր պիտի ըլլայ, կը հարցնէ իրեն. «Ինչպէս պիտի ըլլայ ասիկա քանի ես մարդ չեմ ճանչնար», այսինքն՝ քանի ես ամուսնացած չեմ տակաւին: Եւ հրեշտակը կը հանդարտեցնէ Մարիամը ապահովցնելով իրեն որ «Սուրբ Հոգին պիտի գայ իր վրան» եւ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»: Մարիամ կը հաւատայ հրեշտակի խօսքին, առանց տարակոյսի, եւ կ'ընդունի Աստուծոյ կամքը կատարել լման կերպով:
Բ. հանգրուանը՝ որոշելն է: Լաւ որոշում առնելու համար «Մարիամ այս ամէնը կը պահէր իր սրտին մէջ եւ կը խորհրդածէր անոր վրայ» կ'ըսէ Սուրբ Ղուկասի աւետարանը (Ղկ. 2, 19): Ուստի Մարիամ աճապարանքով չէր շարժեր, այլ կը խորհրդածէր Աստուծոյ խօսքին վրայ, որպէսզի սխալ չընէ, որպէսզի իր կամքը չկատարէ, այլ կատարէ միայն Աստուծոյ կամքը՝ լման կերպով, եւ անկէ ետք կ'որոշէ:
Կեանքին մէջ երբեմն որոշում առնելը դժուար է եւ յաճախ կը յետաձգենք մեր որոշումը: Երբեմն կը ձգենք որ ուրիշներ որոշեն մեր փոխարէն, երբեմն ալ կը տարուինք պարագաներէն եւ կը հետեւինք օրուայ նորոյթին: Երբեմն գիտենք այն ինչ որ պէտք է ընենք, բայց քաջութիւնը չունինք զայն կատարելու, որովհետեւ ան դժուար կը թուի մեզի, որովհետեւ մարդկային հոսանքին հակառակ պէտք է երթանք Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու համար: Մարիամ քաջութեամբ հոսանքին դէմ կ'երթայ Աւետումին ատեն՝ ընդունելով մայր դառնալ ամուսնանալէն առաջ: Մարիամ հոսանքին դէմ կ'երթայ երբ յղի եղած ժամանակ երկար ճամբայ կը կտրէ այցելութիւն տալու համար Եղիսաբեթին, որ ան ալ յղի էր: Այս ընելով, Մարիամ պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ Աստուծոյ խօսքին: Մարիամ կը խորհրդածէ Աստուծոյ խօսքին մասին, կը ջանայ զայն լաւ հասկնալ, անկէ ետք՝ լիովին կը վստահի Աստուծոյ վրայ: Օրինակի համար, Մարիամ յղի ըլլալով հանդերձ, կ'որոշէ այցելութիւն տալ, իր տարիքոտ ազգականին, Եղիսաբեթին, իրեն ծառայութիւն մատուցանելու անոր յղութեան ժամանակ: Նոյնպէս, Կանայի հարսանիքին ատեն, փրկելու համար հարսանիքի ուրախութիւնը, պնդումով կը դիմէ Յիսուսին, կացութիւնը փրկելու համար:
Գ. հանգրուանը՝ գործել: Սուրբ Ղուկասի Աւետարանը կը պատմէ թէ ինչպէս վարուեցաւ Մարիամ Եղիսաբեթի նկատմամբ: Կ'ըսէ. «Մարիամ փութով ճամբայ ելաւ եւ գնաց դէպի լեռնակողմը, մտաւ Զաքարիայի տունը եւ ողջունեց Եղիսաբեթը» (Ղկ 1, 39-40): Այս կը նշանակէ որ դժուարութիւններու եւ թերեւս քննադատութիւններու հանդիպելով հանդերձ, Մարիամ ետ չի կենար իր որոշումէն՝ օգտակար ըլլալու Եղիսաբեթին, եւ փութով, այսինքն շուտով կը մեկնի:
Հոս պէտք է յստակացնել Մարիամին ընթացքը. երբ Մարիամ կ'աղօթէ, երբ կը լսէ Աստուծոյ ձայնը, երբ պէտք ունի մտածելու եւ խորհրդածելու իր կեանքին մասին Աստուծոյ կամքը լաւ հասկնալու եւ զայն լիովին կատարելու համար, Մարիամ ինքնիրեն լայն ժամանակ կու տայ: Բայց երբ Աստուծոյ կամքը յստակ է, արագ կը շարժի, կը վազէ զայն կատարելու համար: Այս կէտին շուրջ Սուրբ Աբրոզիոս կ'ըսէ. «Սուրբ հոգիին շնորհքը դանդաղութիւն չի հանդուրժեր»: Մարիամին ընթացքը հետեւանքն է իր հնազանդութեան Աստուծոյ խօսքին:
Երբեմն, մենք ժամանակ չենք տար գիտնալու համար թէ ի՞նչ պէտք է ընենք:
Երբեմն, գիտենք ինչ որոշում առնելու ենք, բայց քաջութիւնը չունինք գործի անցնելու: Եւ մանաւանդ չենք աճապարեր օգնութիւն բերելու ուրիշներուն Մարիամի պէս, բերելու ամէնէն յարգի բանը, ինչպէս Մարիամ բերաւ Յիսուսը Եղիսաբեթին:
Ամէնէն յարգի բանը որ կրնանք բերել ուրիշներուն՝ Յիսուսն է եւ Սուրբ Աւետարանը՝ խօսքով, բայց մանաւանդ մեր գործնական վարուելակերպի վկայութեամբ:
Ո՜վ Սուրբ Կոյս Մարիամ, դուն որ լսեցիր Աստուծոյ խօսքը, մեր ականջները բա՛ց: Օգնէ՛ մեզի, որպէսզի սորվինք Յիսուսին խօսքը լսել աշխարհի այլազան խօսքերուն մէջէն: Ըրէ՛ Ով Սուրբ Աստուածածին, որ հասկնանք աշխարհը ուր կ'ապրինք, որ հասկնանք ամէն անձ որուն կը հանդիպինք՝ մանաւանդ աղքատը, կարիքաւորը եւ նեղութեան մէջ գտնուողը:
Ո՜վ Սուրբ Կոյս Մարիամ, դուն որ ճիշդ որոշումները առիր կեանքիդ ընթացքին, լուսաւորէ՛ մեր միտքը եւ մեր սիրտը, որպէսզի գիտնանք հնազանդիլ Յիսուսի խօսքին, առանց տատամսելու:
Տո՛ւր մեզի քաջութիւնը ուղիղ որոշումներ առնելու ճիշդ ժամանակին, եւ թոյլ չտալու որ ուրիշներ մեր կեանքը ուղղեն:
Ո՜վ Սուրբ Կոյս Մարիամ, դուն որ գործի անցար յարմար ժամանակին, ըրէ՛ որ մեր ձեռքերն ու ոտքերը արագութեամբ շարժին ուրիշներուն օգնութիւն բերելու, մանաւանդ անոնց բերելու Յիսուս Քրիստոսի սէրը, որպէսզի քեզի նման աշխարհին բերենք Սուրբ Աւետարանին լոյսը. ամէն:
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց