Պէյրութ
Ընդառաջելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ոգեոչման Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Յանձնախումբի հրաւէրին՝
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՀՆՉԵՑՈՒՑԻՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
«ՅԻՇԷ՛ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԷ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման մեծաշուք հանդիսութիւնը՝ որ տեղի ունեցաւ 9 Մարտ 2015-ի երեկոյեան NDU համալսարանի (Զուք Մուսպէհ, Լիբանան) հանդիսասրահին մէջ եւ այս առիթով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին կողմէ հրատարակուած “ 100…եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի” վերնագրեալ արաբերէն հատորին հրապարակումը հանդիսացան Լիբանանի ոչ-հայկական հանրային կարծիքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին համահայկական ոգեկոչման հաղորդակից դարձնելու բացառիկ առիթ մը։ Արդարեւ, այս առիթով Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր եւ քաղաքական ամէնէն երեւելի առաջնորդներուն կողմէ արտասանուած խօսքերը հանդիսացան Հայութեան պահանջատիրութեան զօրակցելու հրապարակային յանձնառութիւններ՝ «ՅԻՇԷ՛ եւ ՊԱՀԱՆՋԷ՛» կարգախօսի որդեգրումով։ Հանդիսութեան մասնակիցները ծանօթացան իրենց մատուցուած գեղեցիկ կրծքանշաններուն եւ ամփիթատրոնին հրապարակը զարդարող՝ գարնանային ծաղիկներէ կազմուած, ԱՆՄՈՌՈՒԿին եւ անոնց խորհրդանշական նշանակութեան։
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսաց Խորհուրդին եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հրաւէրով կայացած այս հանդիսութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Լիբանանի մէջ Հայ կաթողիկէ պատկան մարմիններուն կողմէ ծրագրուած ձեռնարկներուն գլխաւորներէն մէկն էր, որուն լայնօրէն արձագանգեցին լիբանանեան լրատուամիջոցները։
Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային օրհներգներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ արաբական աշխարհի հանրածանօթ հաղորդավարներէն եւ երեկոյի հանդիսավար Ժորժ Քըրտահի: Ան արաբերէնով մեկնաբանեց Եղեռնի զոհ՝ մեծանուն բանաստեղծ Սիամանթոյի “Ափ մը մոխիր” քերթուածը եւ ապա անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պատմութեան, դատապարտեց անոր դէմ օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն:
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անունով խօսք առնելով, հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան պահանջեց Թուրքիոյ կառավարութենէն ճանչնալ Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութեան շրջանին, անոնց ղեկավարներուն՝ Թալէաթի եւ Ճեմալի ղեկավարութեամբ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 1.5 միլիոն անմեղ հայեր: Հայր Եղիայեան պահանջեց թրքական կառավարութենէն ոչ միայն ճանչնալ, այլ հատուցել Հայոց Ցեղասպանութեան վնասները՝ նիւթական եւ բարոյական ոլորտներուն մէջ, դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդին հազարամեայ աշխատանքին պտուղը հանդիսացող հազարաւոր վանքեր ու եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ապարանքներ, մշակոյթի եւ տնտեսութեան կեդրոններ, համայնքային թէ անձնական կալուածներ սանձարձակ բարբարոսութեան եւ ահաբեկումի ժամանակաշրջանի մը մէջ վերածուեցան ախոռներու, զօրանոցներու եւ բանտերու, իսկ նոր Թուրքիան ստեղծուեցաւ աւարի հիմքերու վրայ: Ան շեշտեց, որ անխուսափելի է հայոց բռնագրաւուած ինչքերուն եւ հողերուն վերադարձուիլը իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ Հայութեան, որուն համար կորսուած հայրենիքը մինչեւ այսօր իր վկայութիւններն ու խորհրդանիշերը ունի ի դիմաց Արարատ լերան եւ Կիլիկիոյ կանաչազարդ դաշտերուն մէջ թողլքուած հայկական հնադարեան մշակոյթի կոթողներու աւերակներուն:
Ապա բեմ բարձրացաւ լիբանանցի բանաստեղծ Անթուան Ռաատ, որ իր մատուցած քերթուածին ընդմէջէն դատապարտեց բռնատիրութիւններն ու մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրները՝ դարերու ընթացքին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիբանանի նախկին վարչապետ զօր. Միշէլ Աուն: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը տառապանքներ կրած է Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ շրջանին, ենթակայ դառնալով ատելութեան եւ հալածանքի, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութեան շրջանին։ Ան ըսաւ, որ Հայութիւնը զոհ գնաց համաթուրանական գաղափարախօսութեան, որ կը միտէր ջնջել Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնական ազգութիւններն ու կրօնները։ Ան ցաւով դիտել տուաւ, որ արեւմտեան պետութիւնները բաւականացան դիտորդի կարգավիճակ ցուցաբերելով հայութեան բնաջնջման փաստին ի տես, անտեսելով նաեւ այն որ կոտորածներուն զոհ կը դառնար ամբողջ քրիստոնէութիւնը՝ իր զանազան դաւանանքներով։ Զօրավար Աուն ըսաւ, որ անցեալի ոճիրներուն ուրացումը թոյլ տուաւ, որ ոճրամիտ ուժեր գործեն նորանոր ջարդեր, եւ անպատիժ աւերեն ամբողջ քաղաքակրթութիւններ։ Հակառակ ասոր, ըսաւ ան, հայութիւնը եւ ամբողջ քրիստոնէութիւնը կը շարունակէ մնալ կրողը յարութեան գաղափարին, եւ կը մնայ պատրաստակամ շարունակելու իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը Արեւելքի մէջ։
Յաջորդ բանախօսը եղաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժըմայէլ: Նախագահ Ժըմայէլ ըսաւ որ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է ճանչնալ եւ դատապարտել ազգութիւններու եւ կրօնքներու հետեւորդ հաւաքականութիւններու դէմ անցեալին գործուած եւ ներկայիս գործուող զանգուածային բնաջնջման բոլոր արարքները, որպէս գլխաւոր նախապայման անոնց կանխարգիլման՝ ապագային։ Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, անկեղծօրէն զղջում արտայայտելու Հայոց եւ քրիստոնեայ այլ հաւաքականութիւններու դէմ գործուած ոճիրներուն համար, դիտել տալով որ կարելի չէ ակնկալել ժողովուրդներու միջեւ հաշտութիւն՝ առանց կատարուած ոճիրներու նկատմամբ պատասխանատուութեան ճանաչումին։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիայէն ակնկալուող ներողութեան յայտարարութիւնը պէտք չէ ըլլայ ձեւական կամ ցուցադրական, այլ արտայայտէ անոր ցանկութիւնը վերահաստատելու խաղաղութիւնը իրարու հանդէպ թշնամացած ժողովուրդներու միջեւ։ Ամին Ժըմայէլ բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ներդրումը Լիբանանի գոյատեւման եւ զարգացման մէջ, շեշտելով, որ երկխօսութեան եւ գործակցութեան հայկական աւանդոյթը հիմքերէն մէկն է Լիբանանի ինքնութեան եւ գոյութեան։
Հուսկ, ներկաներուն իր պատգամը յղեց մարոնիներու պատրիարք կարդինալ Պշարա Ռաաի: Պատրիարք Ռաաի զօրակցութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով յայտարարուած “Կը յիշենք եւ կը պահանջենք” կարգախօսին, դիտել տալով, որ այդ բառերը կ’արտայայտեն քաղաքակիրթ բոլոր մարդոց տրամադրութիւնները, մասնաւորաբար ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող ողբերգութիւններուն ի տես։ Ան ցաւով դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները կարծես կը կրեն ռազմավարական ծրագրի մը բնոյթը, որուն նպատակն է քանդել այս շրջանի երկիրները եւ անոնց քաղաքակրթական իւրայատկութիւնը։ Ան դատապարտեց կրօնքի քօղին տակ ծածկուած բռնութիւնը, որ անընդունելի է որեւէ մարդու կողմէ, որ հաւատք կը տածէ Աստուծոյ եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ։ Պատրիարք Ռաաի ըսաւ, որ քրիստոնէութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է Արեւելքի համար, եւ անոր դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը՝ ոտնձգութիւն է բոլորին նկատմամբ։
Յիշատակումի երեկոն փակուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի արաբերէնով արտասանուած աղօթքով:
Հանդիսութեան աւարտին, ներկաները ստացան “ 100…եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի” վերնագրեալ արաբերէն հատորին օրինակները։ Նաժի Նաամանի կողմէ խմբագրուած եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան կողմէ հրատարակուած հատորը, որ կը բաղկանայ 512 էջերէ, կը պարունակէ սպառիչ տեղեկատուութիւն եւ վերլուծութիւն, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր վկայութիւններ Հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ տարբեր ժամանակներ եւ զանազան ազգութիւններ ու պետութիւններ ներկայացնող անձերու գրիչով։
Յընթացս հանդիսութեան, գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը կատարողութեամբ Պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբին եւ լարային քառեակին, ղեկավարութեամբ դոկտ․ Եդուարդ Թորիկեանի։
Սարգիս Նաճարեան