Հռոմ
Ուրբաթ, 20 յունուար 2012, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Հռոմ իր կեցութեան ընթացքին այցելեց Անտոնեան միաբանութեան վանքը, ուր ճաշ սարքուեցաւ ի պատիւ Հոգեւոր տիրոջ, որուն կ՛ընկերանային քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր գերյ. Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։ Ճաշին մասնակցեցան սուրբ Աթոռին մօտ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի եւ մարոնիթ, յոյն ու ասորի պատրիարքներու ներկայացուցիչներ։ Այս առթիւ, Անտոնեան միաբանութեան վանքի մեծաւոր հայր Մաժէտ, որ հիւրընկալեց ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը, իր խօսքին մէջ նշեց քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի կարեւորութիւնը, որ կը գերազանցէ բոլոր տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները, հասնելու համար Եկեղեցւոյ խորին վարդապետութեան ու առաքելութեան։