Կիրակի 18 հոկտեմբեր 2009, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին պիտի կատարէ միւռոնօրհնէքի արարողութիւն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ, նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:
Նախորդ միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Զմմառու վանքին մէջ 2001 թուին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առթիւ: