Երկուշաբթի, 16 Մարտ 2009 - Հիմնարկէքի Արարողութիւն Մեսրեպեան Վարժարանի Նոր Մանկապարտէզին

Լիբանան

 
Հովանաւորութեամբ Տանն Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ նախագահութեամբ
 
Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի. Էմ. Էս. Օնլուս» բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիօ ամոլին, Շաբաթ, 14 Մարտ 2009-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նոր մանկապարտէզի հիմնարկէքի արարողութիւնը:

Նախքան արարողութեան սկսիլը, «Յ. Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն: Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի աշակերտուհի Դալար Խաչատուրեան: Բարի գալուստի խօսքը անգլերէնով արտասանեց Սանտրա Տաքքաշ: Ան հաստատեց, թէ վարժարանը լաւագոյն ուսումը կը ջամբէ աշակերտներուն՝ նշելով միաժամանակ, որ նոր մանկապարտէզի հիմնադրութիւնը յոյսով կը լեցնէ աշակերտութիւնը եւ վստահութիւն կը ներշնչէ վարժարանին նկատմամբ, որ երիտասարդ կը մնայ իր հիմնադրութենէն 70 տարի ետք:

Վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Պարպարա եւ Անճելօ Պոզիօ ամոլին, որոնք հարազատօրէն զօրավիգ կը կանգնին վարժարանին: Ան նկատել տուաւ, որ 2008 թուականին Պոզիօ ամոլը իր երաշխաւորութիւնը տուած էր նման մանկապարտէզ ունենալու մասին առաջարկի մը եւ այսօր անոնք իրենց խօսուն զօրակցութեամբ կու գան գործնականապէս թարգմանելու իրենց խոստումը:

 
Կ. Գալուստ յայտնեց, որ ներկայիս մանկապարտէզը ունի 200 աշակերտ, եւ այս թիւը պիտի հասնի մօտ 350-ի՝ նոր կառուցուելիք
 
մանկապարտէզով, որուն շնորհիւ պիտի օգտագործուին գերարդիական, կառուցային եւ մանկավարժական բոլոր միջոցները: «Մենք կը հաւատանք, որ հայապահպանման գործընթացին մէջ, հայ եկեղեցւոյ կողքին իր ուրոյն եւ մեծ նշանակութիւն ունեցող տեղը ունի նաեւ հայ վարժարանը», շեշտեց Կ. Գալուստ՝ աւելցնելով, որ 70-ամեայ Մեսրոպեան վարժարանը տակաւին շատ երկար ճամբայ ունի կտրելիք:

Այնուհետեւ փրոֆ. Անճելօ Պոզիօ իր կարգին խօսք առնելով նկատել տուաւ, թէ ասիկա 5-րդ տարին է, որ «Տի. Էմ. Էս. Օնլուս» կազմակերպութիւնը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ նաեւ Լիբանանի մէջ: Ան յայտնեց, որ մանկապարտէզի կառուցման հարցը երեք տարիէ ի վեր կը հետապնդուէր եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս մեծ աշխատանքը պիտի սկսի գործադրուիլ ի նպաստ մանուկներուն:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը հայերէնով եւ իտալերէնով փոխանցեց Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք: Ան շեշտեց, որ դպրոցը ունի առաքելութիւն՝ մտային եւ հոգեւոր սնունդ տալ ապագայ սերունդին, որպէսզի այդ սերունդին անդամները երբ ծնողներ դառնան, կարենան իրենց կարգին լաւ դաստիարակել իրենց զաւակները:

Ան բացատրեց, որ այս ծրագիրով մանկապարտէզը պիտի օժտուի արդիական եւ գիտական միջոցներով. ասիկա ճոխութիւն կամ ցուցամոլութիւն չէ, այլ անհրաժեշտ միջոցներու կիրարկում է, ինչ որ ներկայ աշխարհը կ’ընծայէ մեզի, որպէսզի լաւագոյն ձեւով վարժարանը կատարէ իր առաքելութիւնը:

 
Հոգեւոր տէրը նաեւ ընդգծեց, թէ ներկայիս վարժարաններուն մէջ որոշ նահանջ գոյութիւն ունի աշակերտութեան թիւին իմաստով եւ հաստատեց,
 
թէ պէտք է զարկ տալ մեր վարժարաններուն արդիականացման: «Դպրոցի դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր է ապագայ սերունդը լաւագոյնս պատրաստելու համար», հաստատեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն կու տայ կաթողիկէ դպրոցներու շինութեան եւ երիտասարդներու եւ մանուկներու կրթութեան, որպէսզի անոնք ունենան հաւասարակշիռ տեսութիւն մը ապագայի, մարդկութեան եւ կեանքի մասին:

Գեղարուեստական յայտագիրը կը բովանդակէր նուագ՝ Գէորգ Քեշիշեան (սրինգ), Մարինէ Հալաճեան (ջութակ), երգ եւ նուագ (կիթառ)՝ Վարդան Յովսէփեան, խմբային երգ, ինչպէս նաեւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն՝ «Մեսրոպեան նոր մանկապարտէզին ընդառաջ» խորագիրով:

Այնուհետեւ մանկապարտէզի շրջափակին մէջ մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին խմբային երգեր եւ արտասանութիւններ, ապա իրենց շինած ձեռային աշխատանքը յանձնեցին Պոզիօ ամոլին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ