Հռոմ
Ստորեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ կատարուած հարցազրոյցը Telepace Armenia-ի համար, որ վարեց հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ 17 հոկտեմբերին
Հ.1- Սրբազան Քահանայապետի յատուկ հրաւէրով կը մասնակցիք Վատիկանի մէջ գումարուող Եպիսկոպոսական արտակարգ Սիւնհոդոսի մը: Կարո՞ղ էք մեզ լուսաբանել Սիւնհոդոսին գլխաւոր թեմայի մասին, եւ ո՞վ կը մասնակցի այս ժողովներուն:
Պ.1- Գ. Արտակարգ Սիւնհոդոսական ժողովը ընտանիքին մասին գումարուած է Վատիկան 5էն 19 Հոկտեմբերին, ուսումնասիրելու համար գլխաւորաբար զանազան եւ աճող մարտահրաւէրները, որոնք ընտանիքը կը սպառնան եւ անոր արգելք կը հանդիսանան քրիստոնէական կեանքը ապրելու՝ համեմատ Յիսուս Քրիստոսի խօսքին՝ արտայայտուած սուրբ Աւետարանին մէջ: Նոյնպէս, ժողովը կ'ուսումնասիրէ աննախադէպ վիճակին հասած՝ մանաւանդ տնտեսապէս յառաջացած երկիրներուն մէջ, կենսաբանական վնասակար գիտութիւնները:
Վերոյիշեալ ժողովին կը մասնակցին զանազան երկիրներէ 191 Կարդինալ, Պատրիարք, Աւագ Արքեպիսկոպոս եւ Եպիսկոպոս, կրօնաւոր հայրեր, օգնականներ, աշխարհական մասնագէտներ եւ զոյգեր՝ որոնցմէ 3 հոգի լիբանանէն եւ 2 հոգի Իրաքէն, հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ ոչ կաթողիկէ 8 պատգամաւոր եղբայրներ:
Հ.2- Որո՞նք են ընտանիքին գլխաւոր մարտահրաւէրները, որոնց մասին անդրադարձաւ Սիւնհոդոսը. զօր օրինակ՝ որդեծնութեան տագնապը, ամուսնութեան տարիքի ուշացումը, ամուսնութեան թիւին նուազումը, գաղթը եւ անոր հետեւանքները: Կարե՞լի է նշել նաեւ նորապսակեալներուն կամ բաժնուած զոյքերուն սրբութեան ստանալու նիւթ դարձած առաջարկը:
Պ.2- Հաստատելէ ետք սուրբ Պսակի խորհուրդին սկզբունքները՝ հաւատարիմ կենսաղը, որդեծնութիւն եւ պսակին անլուծանելիութիւնը, Սիւնհոդոսական Հայրերը անդրադարձան ոչ քրիստոնեայ հին եւ նոր վատ սովորութիւններուն եւ զանազան երկիրներէ ընդունուած կամ պաշտօնակացած օրէնքներուն մասին, ինբպէս՝ ազատ միութիւնները, բնական ամուսնութիւնը, քաղաքական պսակը, բաժնուած ու կրկին քաղաքացիօրէն ամուսնացած զոյգերը, բազմակնութիւնը, միասեռականութիւնը, արգելքները որդեծնութեան համար եւ այլ ոչ քրիստոնեայ անկարգութիւններ:
Հ.3- Ընտանիքը Աստուծմէ հաստատուած առաջին եւ էական բջիջն է մարդկային հասարակութեան: Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ անոր առաքելութիւնը՝ որդեծնունթը, զաւակներու խնամքը եւ կրթութիւնը, ընկերութեան բարօրութիւնը՝ մասնակցելով քաղաքական կեանքին ... աւետարանումի իր էական դերը - խօսիլ նաեւ, եթէ հնարաւոր է, կոչումներու մասին:
Պ. 3- Ընտանիքը հաստատուած է Աստուծոյ կողմէ երբ Աստուած ստեղծեց Ադամ եւ Եւան եւ իրենց ըսաւ. «աճեցէք եւ բազմացէք եւ լեցուցէք երկիրը» (Ծնն 1,28): Ուստի ընտանիքին կ'իյնայ՝
ա- նախ եւ առաջ Աստուծոյ հնազանդիլ եւ անոր ծրագիրը իրագործել աշխարհի վրայ. յարգելով կեանքն ու բնութիւնը եւ սէրը տարածել բոլոր մարդոց միջեւ: Ասիկա կը պահանջէ որ մարդը եւ կինը միշտ կապին մէջ մնան Աստուծոյ հետ՝ աղօթքով եւ սուրբ Գիրք կարդալով՝ որ է Յիսուսի բերած բարի լուրը, այսինքն՝ Սուրբ Աւետարանը գործակցելով մարդոց փրկութեան համար՝ Յիսուսի մահուամբ եւ յարութեամբ:
բ- Որպէս ծնողք, հայրն ու մայրը պարտին փոխանցել քրիստոնեայ հաւատքը իրենց զաւակներուն, զայն նախադասելով ուրիշ որեւէ մարդկային շահին վրայ, ինչպէս՝ դրամ դիզել, պատիւ փնտռել, դիրքի հասնիլ՝ ի հեճուկս քրիստոնէական սկզբունքներուն: Իրենց բարեպաշտ կենցաղով եւ եղբայրասիրական կեանքի վկայութեամբ, անոնք մեծապէս կրնան ապրուած Աւետարանը փոխանցել նաեւ իրենց շրջապատէն ներս:
գ- Սուրբ Պօղոս կը նմանցնէ Եկեղեցին մարդու մարմնին, որ զանազան անդամներով կազմուած է, եւ որուն ամէն անդամ օգտակար եւ անհրաժեշտ է ամբողջ մարմնի առողջութեան համար: Դժբախտաբար, կան քրիստոնեաներ, որոնք կ'ուզեն ապրիլ իրենց կեանքը մեկուսացած ձեւով, առանց կարեւորութիւն տալու Եկեղեցւոյ միւս անդամներուն՝ եթէ կարիքի մէջ են, եթէ կրնան ձեռք տալ ասոր կամ անոր, այսինքն կ'ուզեն ապրիլ անձնասիրութեամբ:
Հոն յայտնի կը դառնայ քրիստոնեայ կրթութեան կարեւորութիւնը փոխանցել նորահաս սերունդին, որովհետեւ չկայ քրիստոնեայ առանց Եկեղեցիի: Ուստի, ծնողքը պարտին իրենց խօսքով, բայց մանաւանդ իրենց կեանքի օրինակով դաստիարակել իրենց զաւակները:
Բազմաթիւ օրինակներ ունինք, ուր բարեպաշտ ծնողքի զաւակները սրբութեան հասան իրենց ծնողքի աստուածավախ եւ օրինակելի կեանքին բարի օրինակին:
Հ.4- Մենք քաջատեղեակ ենք թէ դուք մօտէն կը հետեւիք արեւելքի մէջ ընտանիքի վիճակին, եւ յատկապէս սուրիահայ ընտանիքներուն, որոնք պատերազմէն փախչելով, հաստատուած են Լիբանան: Կարող էք մեզ լուսաբանել թէ ին՞չպէս Ձեր հայրական մօտիկութիւնը եւ սէրը ցոյց կու տաք ընտանիքներուն:
Պ.4- Մօտ երկու տարիէ ի վեր, սուրիահայ, մանաւանդ հալէպահայ ընտանիքները սկսան Լիբանան ապաստանիլ եւ մեր դուռը զարնել: Անոնք մեր համայնքի զաւակներն են եւ առաջին օրէն իսկ իրենց երկարեցինք մեր ձեռքը՝ իրենց օգնելով հոգեպէս եւ նիւթապէս: Անոնց թիւը օրէ օր աճեցաւ եւ անցաւ 300 ընտանիքի որոնք մեզի կը դիմեն: Մեր դուռը բոլորին համար բաց է:
Նիւթական օգնութիւնը՝ ապրուստի հոգը, դեղօրայքը, բնակութեան ծախսը, հիւանդանոցին կարիքը եւ դպրոցական պահանջները: Կը ջանանք բոլոր ասոնց հոգատարութիւն ընծայել՝ շնորհիւ բարերարներու, եւ յատկապէս շնորհիւ տիկին Անի Գալուստի նուիրումին, որ օրուան որեւէ ժամուն զիրենք կ'ընդունի եւ կը գոհացնէ կարելի եղածին չափ:
Հոգեւոր կարիքները նաեւ չենք մոռնար: Յատուկ սուրբ Պատարագ կազմակերպեցինք երբ Արհի. Միրիաթեան Գերապայծառը, Հալէպի Առաջնորդը Պէյրութ ժամանեց: Եկեղեցին լեցուեցաւ սուրիահայերով, եւ անոնց հոգին հոգեպէս լիացաւ լսելով Արհի. Գերապայծառին հայրական խօսքը:
Ասկէ զատ, ամէն երկուշաբթի 4-5 ընտանիքի կ'այցելեմ ընկերակցութեամբ հալէպցի հայր Ղազար Պետրոսեանին եւ տիկ. Անի Գալուստին: Նուէրներէն զատ, կ'աղօթենք միասին եւ հոգեւոր խօսք ու տնօրհնէք կը կատարենք: Ընտանիքները մեծապէս մխիթարուած կը զգան:
Հ.5- Այսօր որքանո՞վ կարեւոր է կղերական դասին ներկայութիւնը ընտանիքներուն մօտ, մանաւանդ այս անապահով օրերուն ընթացքին՝ այցելութիւնը հիւանդներուն, տան օրհնութիւնը, հոգեւոր խրատաբանութիւնը, նիւթական օժանդակութիւնը ...:
Պ. 5- Քահանային առաջին պարտականութիւններէն մին՝ ընտանիքներուն այցելութիւնն է: Առանց ընտանիքներու՝ հասարակութիւն չկայ, եկեղեցի չկայ: Արդէն, եկեղեցի բառը յունարէն լեզուով ըսել է հասարակութիւն:
Արդ, ամէն ընտանիք Եկեղեցւոյ անդամ է: Անոր մօտ կը գտնուին ծնողքը եւ զաւակները, որ կարիք ունին լսելու քահանայէն հոգեւոր եւ հայրական խօսքը:
Հոն կան երիտասարդները, որոնք պիտի կազմեն ապագայ ընտանիքները: Հոն կան քահանայական կոչումները, որոնք պէտք ունին ուղղութեան եւ քաջալերանքի:
Հոն կան տարէցները, որոնք կարիք ունին հոգեւոր մխիթարութիւններուն: Անոնք աղօթքի լաւագոյն առաքեալները կրնան դառնալ, եթէ քահանան զիրենք այցելէ, քաջալերէ եւ բացատրէ անոնց, որ անոնք եկեղեցւոյ համար մեծապէս կրնան օգտակար ըլլալ աղօթքով:
Ամէն այցելութեան ընթացքին պէտք չէ պակսի հոգեւոր խօսքը, յուսադրիչ խրատ մը, ինչպէս նաեւ ուշադրութեամբ լսելու ընտանիքներու կարիքները: Մէկ խօսքով՝ քահանան ընտանիքին հայրն է եւ Յիսուսին ներկայացուցիչը:
Վերջապէս, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահին իր նուիրումի եւ պատրաստակամ հոգիին համար: Աստուած զինք օրհնէ, ինչպէս նաեւ օրհնէ իր աշխատակիցները եւ Telepace Armenia յայտագրին հետեւողները: