Լիբանան
Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2007ի կէսօրուան ժամը 12:30ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարան այցելեց ՄԱԿ¬ի «Այ. Էլ. Օ.» կազմակերպութեան պատասխանատու, ազգութեամբ գերմանացի խորհրդական Պր. Ճօ Վուակնըրը, ընկերակցութեամբ կազմակերպութեան լիբանանացի պատասխանատու Տիկ. Պատրա Աալաուայի եւ ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի պատասխանատու Տիկ. Սօսի Սաղըրեանի:
Հիւրերը դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստին կողմէն, ապա ծաւալուեցաւ հետաքրքրական ու մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին վարժարանի տնօրէնէն ստացան ընդհանուր եւ մանրամասն տեղեկութիւններ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի վերաբերեալ:
Անկէ յետոյ մեծարգոյ հիւրերը շրջագայեցան Արուեստից վարժարանէն ներս, ծանօթանալով վարժարանի տարբեր մասնագիտութիւններու հետ առընչուած լսարաններուն եւ դասասենեակներուն:
Պր. Ճօ Վուակնըրը հիացած Արուեստից վարժարանով, չկրցաւ թաքցնել իր զգացումները, մանաւանդ շեշտելով անոր անհաւատալի մաքրութիւնն ու մասնագիտօրէն եւ արհեստավարժօրէն կահաւորումը:
Արուեստից վարժարանի ճաշարանին մէջ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, Պր. Վուակնըրը իր կարծիքները գրառեց վարժարանի Ոսկեմատեանին մէջ: Ան յատկապէս կը գրէր. «Պատիւ ունեցայ իբրեւ «Այ. Էլ. Օ.»ի ներկայացուցիչ այցելելու այս վարժարանը: Ես ուղղակի ապշած եմ առկայ չափանիշներու, մաքրութեան եւ կազմակերպուածութեան ի տես այս հաստատութենէն ներս, որ կÿաշխատի բարձրօրէն համակարգուած, եւ կը համագործակցի «Այ. Էլ. Օ»ի հետ»:
Հիւրերը նաեւ շրջագայեցան Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէն ներս, ծանօթանալով վարժարանի տարբեր բաժիններուն հետ, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ անոնց ծանօթացուց վարժարանի կայքէջին հետ:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրերը բաժնուեցաւ վարժարանէն, յայտնելով իրենց շնորհակալութիւնը վարժարանի տնօրէնութեան, ՄԱԿ¬ի այս կազմակերպութեան հետ իր համագործակցութեան համար: