Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2012 - Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակը Փարիզի մէջ

 

Փարիզ

Կիրակի 22 ապրիլը Փարիզի հայութեան համար պատմական օր մըն էր, որովհետեւ հայութիւնը յիշատակեց Նոթր Տամ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ իր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն ոգեկոչումը:

Եկեղեցին հոծ բազմութեամբ լեցուն էր. հրաւիրուած էին ֆրանսահայ հայ առաքելական Թեմի առաջնորդ՝ Նորվան սրբազան Զաքարեանը, վերապատուելի Ժօէլ Միքայէլեանը, մեծայարգ Պր. Փաթրիք Տեւեճեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ մեծայարգ Պր. Վիգէն Չիթեչեան եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչ՝ մեծայարգ Պր. Օհաննէս Գէորգեան:

Օրուան պատարագիչն էր ֆրանսահայ կաթողիկէ  հայոց առաջնորդ՝ Գերապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Ղապրոյեան: Ան իր բացման խօսքը սկսաւ հետեւեալ նախադասութեամբ «Մահը ձեր կեանքը մեր. կեանքը մեր փառքը ձեր»:

Մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու ոգեկոչումը 97-րդ տարին թեւակոխեց եւ ամէն տարի սուրբ պատարագով, ոգեկոչումով մեր ուխտը կը նորոգենք պահանջելով արդար հատուցում հայոց նահատակներուն: Օրուան քարոզիչը՝ Գերապայծառ Էրիք Մուլէն Պօֆոր իր ոգելից պատգամով ոգեկոչեց հայոց Նահատակներուն ոգեկոչումը, դրուատեց Հայոց անցեալն ու ներկան: Ան ըսաւ. «Ձեր հայրերն ու մայրերը, ձեր ազգականները Ճամբան առին նահատակութեան, ընդունելով եւ խոստովանելով Քրիստոսի սէրն ու խաչելութիւնը. անոնք ամէն ինչ ձգեցին հետեւելու զոհողութեամբ Յիսուսի ճամբան եւ այսօր իրենք երկիքի մէջ յարուցեալ Քրիստոսի հետ կը տօնեն յաղթանակը հայ ժողովուրդի: Կառչած մնացէ'ք Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ»:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ