Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2011 - Մեկնարկ առաւ մանկավարժական կազմաւորումի եռամսեակը` լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդ
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն

Հաղորդագրութիւն

ՄԵԿՆԱՐԿ ԱՌԱՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ԵՌԱՄՍԵԱԿԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ղեկավարութեամբ
մանկավարժութեան դոկտոր,  Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի
փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի
 
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդին եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի հրաւէրով Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամբիոնի դասախօս Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան 30 Սեպտեմբերին ժամանեց Պէյրութ` շարունակելու համար Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու ուսուցիչներուն ուղղուած մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքները, որոնք սկիզբ առին անցած գարնան:  Տիկին Կիւլամիրեան Պէյրութ պիտի գտնուի երեք ամիս`մինչեւ Դեկտեմբերի վերջ:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ նախաձեռնուած` 2011-ի Մայիսին Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ Դոկտ. Կիւլամիրեանի կատարած կազմաւորումի աշխատանքները յատկանշուեցան մեծ արդիւնաւէտութեամբ: Ծրագիրը շարունակելու որոշումը կը բխի ի սպաս հայ աշակերտներուն հայերէնի ուսուցման եղանակները զարգացնելու նկատմամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ անոր կրթական մարմիններուն յանձնառութենէն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ մանկավարժներուն մասնագիտական օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութենէն: Այս առիթով գոհունակութեամբ կը յայտնենք, որ ընթացիկ եռամսեակին սպասուող աշխատանքներուն մասնակից դպրոցներու թիւը արդէն իսկ 4-էն բարձրացած է 6-ի: Այդ դպրոցներն են ` Մեսրոպեան, Գ. Հարպոյեան, Սրբ. Հռիփսիմեանց, Սրբուհի Ագնէս,  Այնճարի Հայ Քոյրերու եւ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանները:

Հայերէնի ուսուցման մեթոդի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներու ծրագիրին այս շարունակութիւնը դարձեալ կը վայելէ  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնը եւ անձնական քաջալերանքը:

Եռամսեայ դասընթացքներուն շնորհիւ մենք կ’ակնկալենք, որ Լիբանանի հայկական վեց վարժարաններուն մէջ էական յառաջընթաց արձանագրուի ինչպէս ուսուցիչներու ընդհանուր մանկավարժական կազմաւորումին, այնպէս ալ  հայերէնի ուսուցման պայմաններուն մէջ:

Այս առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան  նախարար պրն. Արմէն Աշոտեանին, նախարարութեան Սփիւռքի բաժնի աշխատակիցներուն եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի նախագահ պրն. Ռուբէն Միրզախանեանին` այս ծրագրի կատարման ի խնդիր անոնց ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Ծրագրին վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակէն, հեռաձայն` 01 570 559, 70 857 427, [email protected]

1 Հոկտեմբեր, 2011
Պէյրութ-Լիբանան

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ