Կիրակի, 9 Յուլիս 2006 - Խօսք Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիք անուան թանգարանի հիմնադրութեան առթիւ Ստեփանակերտի մէջ
Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ, երաշնորհ Սրբազան Հայր, Սիրելիներ,
Հիմնարկէքը զոր կատարեցինք սովորական արարողութիւն մը չէր, որովհետեւ սովորական պիտի չըլլայ կառոյցը որ պիտի բարձրանայ Մեր զետեղած քարին վրայ եւ որ պիտի կրէ Ռոպեր Պօրոսեան եւ Որդիք Հիմնադրամին անունը: Սովորական պիտի չըլլայ որովհետեւ պիտի չնմանի սովորական թանգարաններուն, որոնք սովորաբար պատմութեան անցած արժէքներ ամփոփող վայրեր են: Այլ ան պիտի ըլլայ ամենահեռաւոր անցեալէն դէպի ներկան նետուած կամուրջ մը եւ կենդանի ու կենսունակ ժողովուրդի մը մշակոյթի հնադարեան ծագումին վկայութիւնները ցոլացնող հայելին:
Ան թանգարան մը ըլլալէ աւելի իր ցուցադրած հնագիտական, վիմագրական, տեղագրական փաստագրութիւններով պերճախօս վկայութիւնը պիտի ըլլայ Շուշիի եւ ամբողջ տարածքի հայկական պատկանելիութեան:
Կառոյցը որ պիտի բարձրանայ մեր զետեղած քարին վրայ՝ իր շեմէն ներս մուտք գործող ամենազգի մարդոց, ըլլան անոնք պարզ զբօսաշրջիկ, մտաւորական, պատմագէտ, դիւանագէտ, քաղաքական ու հասարակական գործիչ թէ պետական ղեկավար, ան ցոյց պիտի տայ այս հողատարածքին հայկականութիւնը, այդ հայկականութեան դրոշմը կրող բազմադարեան մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան փաստերը:
Անկէ պիտի ճառագայթէ պատմական ճշմարտութիւնը: Իսկ ճշմարտութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով՝ անժամանցելի է ու յաւերժական: Պատմական ճշմարտութիւնը միա՛յն հայ ժողովուրդին կը վերապահէ այս հողատարածքին կարգավիճակն ու ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը: Այդ իրաւունքին վրայ չեն կրնար ազդել ճնշումները ուրկից ալ որ գան անոնք: Այդ իրաւունքը անսակարկելի է: Մեզի կը մնայ մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած այդ իրաւունքին տէր կանգնիլ: Ասիկա կ’ենթադրէ յարատեւ պայքար ներքին ու արտաքին բոլոր ճակատներուն վրայ՝ քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, տնտեսական ու ընկերային: Պայքար մը որուն նպատակը եղած է ու կը մնայ երաշխաւորել մեր ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը եւ հոգեմտաւոր անկաշկանդ զարգացումը:
Այդ պայքարը արցախահայութեան կողքին մղելու կոչուած է համայն Հայութիւնը, որովհետեւ իր անկախութեան, ինքնավարութեան եւ իրաւունքի ձեռք բերման գծով Արցախի ցարդ արձանագրած նուաճումներէն նահանջ ենթադրող որեւէ քայլ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ հայ ժողովուրդին ազգային անվտանգութիւնը: Ահա թէ ինչու Արցախի հզօրացումը եւ իբրեւ անկախ Հանրապետութիւն միջազգային ճանաչումը առաջադրանքն է հայրենաբնակ թէ սփիւռքատարած հայ ժողովուրդին:
Համազգային այս առաջադրանքին մէկ արտայայտութիւնը դառնալու կոչուած է Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիք Հիմնադրամին նպաստով ցարդ կատարուած գիտական աշխատանքն ու թանգարանը որ պիտի կառուցուի: Մեր մաղթանքն ու աղօթքն է որ այդ առաջադրանքի կենսագործման ծառայող նախաձեռնութիւններն ու ծրագիրները բազմանան: Թող Ռոպէռ Պօղոսեան գերդաստանի զաւակներուն օրինակը դառնայ վարակիչ:
Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին ծառայութեան պարգեւած ուրախութիւնն ու հոգեկան բաւարարութիւնը անգերազանցելի են, որովհետեւ անոնք աստուածատուր զգացումներ են: Յաւերժ օրհնեալ են այդ ծառայութեան նուիրեալները:
|