Հինգշաբթի, 16 Յուլիս 2015 - Բացում Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Սուրբ Սիւնհոդոսի աշխատանքներուն

 

Պէյրութ

 

Բացում Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Սուրբ Սիւնհոդոսի աշխատանքներուն, Զմմառու Պատրիարքական Աթոռին մօտ, Քեսրուան 14 յուլիս 2015

Երեքշաբթի, 14 յուլիս 2015, Զմմառու Պատրիարքական Աթոռին մօտ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն Սիւնհոդոսը, ընտրելու համար յաջորդը երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ երկնաւոր Հօր տունը վերադարձաւ, ներկայանալու համար իր Արարչին:

Սիւնհոդոսական հայրերը իրենց աշխատանքներուն սկսան սուրբ Պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ Զմմառու վանքի Վերափոխման եկեղեցիին մէջ: Հոգեւոր կրթութիւնը կատարեց արհիապատիւ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթի եպիսկոպոսը, որ Հռոմէն Լիբանան ժամանած էր յատկապէս այս նպատակով:

Չորեքշաբթի, 15 յուլիսին Սինհոդոսական Հայրերը սկսան իրենց խորհրդակցութիւններուն, որուն պիտի յաջորդէ Կաթողիկոս Պատրիարքին ընտրութիւնը:

Ընտրական առաջին նիստին, Սիւնհոդոսական Հայրերը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, բարեխօսութեամբ Զմմառու Տիրամօր եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին, հայցելով Սուրբ Հոգիին ներշնչումը ու շնորհները՝ դիմագրաւելու համար իրենց դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները՝ ի խնդիր ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ եւ  մասնաւորաբար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարիքին ու պայծառացման:

 

+ Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան

Պատրիարքական Կառավարիչ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ