Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2009 - Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Լիբանան

 
Երեքշաբթի 7 Ապրիլ 2009-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ՝ Մարտիկ Ժամկոչեան, երեսփոխանական ընտրութիւններու Պէյրութ Բ. ընտրաշրջանի թեկնածու՝ պրն. Սեպուհ Գալփաքեան եւ կուսակցութեան փոխ ատենապետ Յովհաննէս Ուղուրլեան: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան:
Այցելութեան նպատակն էր Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ յայտնել Ս.Դ.Հ.կուսակցութեան քաղաքական տեսակէտը իբրեւ Ապագայ հոսանքի դաշնակից կուսակցութիւն, որդեգրելով ներկայիս երեսփոխան՝ մեթր Սերժ Թորւրսարգիսեանը որպէս Հայ Կաթողիկէ աթոռի թեկնածու Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանին մէջ. իսկ Սեպուհ Գալփաքեան որպէս Հայ Առաքելական աթոռի թեկնածու Պէյրութ Բ. ընտրաշրջանին մէջ:
Իր կարգին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ Հայ թեկնածուները իրենց տաբեր քաղաքկան սկզբունքներով հանդերձ, պէտք է վեր առնեն  Լիբանանահայ գաղութի շահերը եւ միասնաբար գործեն լիբանանհայութեան բարիքի եւ բարգաւաճման ի նպաստ: Այս կապակցութեամբ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց միացեալ ճիգերով գործելու եւ միասնաբար հանդէս գալու կարեւորութիւնը:
Հանդիպման աւարտին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց իր հիւրերուն: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ