Անթիլիաս, Լիբանան
Ուրբաթ 11 Դեկտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանը առ ի գնահատանք տարիներու վաստակին ու ներդրումին գեղանկարչական արուեստի կալուածէն ներս, արժանացաւ Վեհափառ Հայրապետ Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» ի շքանշանին:
Հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, պետական դէմքեր, հայ թէ օտար արուեստագէտներ, արուեստաբաններ, մշակութասէր անձեր եւ բարեկամներ: Ինչպէս նաեւ ներկայ էին հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, հայր Վարդան Գազանճեան ու հայր Նարեկ Լուիսեան Անթիլիասի աթոռի միաբան եպիսկոպոսներու եւ հայրերու կողքին:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Հոգշ. Տէր Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, հակիրճ անդրադառնալով Նորիկեանի կենսագրակա գիծերուն: Ապա խօսք առաւ Անդրանիկ Տագէսեան, խօսք առաւ Ժոզէֆ Թարրապ, Անիթա Թութիկեան, ի վերջոյ, Վեհափառ Հայրապետը բեմ հրաւիրուեցաւ իր գնահատական խօսքը ուղղելու եւ պարգեւատրելու արուեստագէտը: