Երկուշաբթի, 31 Մարտ 2014 - Գանատայի դեսպանը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Պէյրութ

Ուրբաթ, 28 մարտի երեկոյեան, Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս կաթողիկոս Պատրիարքին այցելեց Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպան Հիլարի Չայլց-Էտըմզ։ Հանդիպումին ներկայ եղան գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Պր. Սարգիս Նաճարեան։ Աւելի քան ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Սուրիոյ իրավիճակին հետ առընչուած խնդիրներուն, եւ ընդհանրապէս  սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մասնաւորաբար քեսապահայութեան տարահանութեան պայմաններուն եւ  ողբերգական  վիճակին վրայ, որ հետեւանքն է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին թրքական կողմէն ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ մարտի 21-ի գիշերը Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին։ Յետադարձ ակնարկով մը  ներկայացնելէ ետք   Քեսապի հայաւանին պատմութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը Հայութեան համար, Հոգեւոր Տէրը  ըսաւ որ անկախ ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան մարդասիրական օգնութիւն կատարելու անհրաժեշտութենէն, ՄԱԿ-ի կառոյցները եւ մեծ տէրութիւնները պէտք է ազդու միջամտութիւններ կատարեն կանխարգիլելու համար նման յարձակումներու կրկնութիւնը, ապահովելու  քեսապահայութեան անվտանգութիւնը եւ անոր վերադարձը իր բնօրրանը։

Գանատայի դեսպանուհին ուշադիր լսելէ ետք ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ  արծարծուած հարցերու եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ ներկայացուած պահանջներու հետապնդման եղանակներու մասին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ