Կենսագրութիւն
Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւբելեան
(1788-1812)
Քիլիսցի: Անտոնեան Միաբանութենէն: «Այր սքանչելի եւ ըստ սրտին Աստուծոյ» կը վկայեն իր պատմագիրերը:
Գրիգոր Ե.ի օրով, Պատրիարքական թեմերու մէջ կ՛աշխատէր քիչ մը ամէն կարգի կղերական, կրօնաւոր, միսիոնար, վարդապետ, ամուսնացած քահանայ: Բոլորը տոգորուած էին հովուական եռանդով, սակայն չունէին նուիրապետական խիստ կապեր, ոչ ալ միաձեւ դաստիարակութիւն: Այժմ ժամն էր, կէս դարէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Հայ Կաթ. Պատրիարքութիւնը ձեւի բերելու: Առ այս, պէտք էր Պատրիարքական Կղերանոց մը հաստատել: Ու ասիկա եղաւ Գրիգոր Ե.ի մեծապէս կազմակերպչական գործունէութիւնը: Ծրագիրը մեծղի ու ծախսոտ էր: Ու նախախնամութիւնը օգնեց անոր:

Մատրաս բնակող երկու հայ կաթողիկէ գոհարավաճառներ Միքայէլ Յովհաննէսի Բաբումեանին ու Եդուարդ ՌաՖայէլի Ղարամեանցին բարերարութեան շնորհիւ, Գրիգոր Ե. յաջողեցաւ Աթոռի Կղերանոցը կառուցել, 1797-1810: Ան մշակեց նաեւ դպրեվանքի ներքին կանոնագիրքը, դասացուցակը եւ բարեպաշտական հրահանգները:
Իր օրով, վանական հասարակութեան թիւը բարձրացաւ 52-ի, որոնց մէջ 4 Եպիսկոպոս, 4 վարդապետ, 10 քահանայ եւ նորընծաներուն ու աշխատաւոր եղբայրներու բազմութիւնը:
Ու այս բոլորը Լիբանանի մը մէջ, ուր Էմիր Պէշիր Բ.ի աստղը մերթ կը փայլէր, մերթ կը նսեմանար Աքրայի Ժազզար բռնաւոր փաշայի հալածանքներուն տակ (1799):



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ