Պէյրութ
Կը հաղորդենք, որ պաշտօնապէս հաստատուած է, թէ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ Զմմառու վանք, յառաջիկայ 26 նոյեմբեր 2012-ին, իր Լիբանան այցելութեան ընթացքին՝ 26-27 նոյեմբերին։ Զմմառու մէջ, Հայաստանի նախագահը տեսակցութիւն պիտի ունենայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ վանքին վարչութեան հետ։