Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2014 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կ'այցելէ Նարեկի Տիրամօր դարմանատունը Պուրճ Համուտի մէջ

 
Պուրճ Համուտ

Պուրճ
Համուտի Հայ կաթողիկէ Նարեկի Տիրամօր ընկերային բժշկական կեդրոնին մէջ 15 ապրիլ 2014-ին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ միացեալ նախաձեռնութեամբ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ Նարեկի Տիրամօր դարմանատան, շրջանին մէջ բնակող տարեց մամիկներն ու պապիկները համախմբուեցան միասնաբար նշելու համար սուրբ Յարութեան տօնը:

Միացեալ հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Կոստան Եափուճեան, եւ նշեց, որ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ Նարեկի Տիրամօր ընկերային բժշկական կեդրոնի այդ հաւաքը Աւագ Շաբթուան ընթացքին մեր մէջ կ'արթնցնէ քրիստոնէական կարեւորագոյն արժանիքներէն մէկը, որ եղբայրսիրութիւնն է: Ան յայտնեց, որ ներկայ դժնդակ օրերուն, քրիստոնեաներու միակ ապաստան երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ կը մնայ Լիբանանը: Ան ըսաւ նաեւ թէ օրէ օր կը քայքայուի Սուրիոյ հարիւրամեայ գաղութը, կը քանդուին մեր եկեղեցիներն ու հաստատութիւնները եւ հայ ընտանիքը պանդխտութեան ցուպը ձեռքին կ'ուղղուի դէպի օտարութիւն: «Սիրե՛նք մեր տեղահանուած եղբայրները, աւելցուց ան, աղօթե՛նք քրիստոնէավայել կերպով եւ տոկանք լիբանանեան ամրոցին մէջ»:

Այս առիթով տոքթ. Եափուճեան ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց մանրանկարչական գործ մը եւ խնդրեց Հոգեւոր Տիրոջմէն, որ նոյնպիսի գործ մը հասնի գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշին, որ կեդրոնի բարերարներէն է:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց տարեց հայրիկներուն եւ մամիկներուն հետ հանդիպելուն համար: Հոգեւոր Տէրը յատուկ կերպով ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ անոնք Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ կը պատկանին:

«Մենք կարիքը ունինք ձեր փորձառութեան եւ տարիներու վրայ երկարող նուիրումին, որոնք երիտասարդութեան համար փարոսներ պիտի հանդիսանան: Դուք օտարներ չէք, դուք մեր հայկական մարմնին հիմնական մասն էք», ըսաւ Հոգեւոր Տէրը:

Ապա ան աղօթեց եւ պահպանիչով փակեց իր խօսքը: Կեդրոնը եւ տարեցները ջուրով օրհնելէ ետք հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ ջուրով օրհնելը կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի` ջուրով եւ Սուրբ Հոգիով մկրտութիւնը: «Հայը եթէ քրիստոնեայ չէ, հայ ըլլալէ կը դադրի», ընդգծեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:

Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը (գեղարուեստական ղեկավար` Գարմէն Աճէմեան) յաջորդաբար մեկնաբանեց Աշուղ Աշոտի «Հով գիշեր, զով գիշեր», Սայաթ Նովայի «Քամանչա», «Սարվորի երգ» եւ «Սիւնեաց սարեր» երգերը: Գարմէն Աճէմեան երգեց «Անջիգեար» երգը, իսկ վարժարանէն աշակերտ մը ջութակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը: Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ, ապա` մատուցուեցաւ կէսօրուան ճաշ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ