Պէյրութ
Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը ոգեկոչող ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւններուն կողմէ 21 Ապրիլ 2014, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջաբակին մէջ կազմակերպուած Հսկումի Երեկոյին՝ երիտասարդներու եւ պատանիներու կողքին փութացած էր ներկայ գտնուելու խուռներամ ժողովուրդ մը, որուն առաջին շարքերուն վրայ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ հոգեւորական դասի կողքին կը նշմարուէր ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պետական երեսփոխաններու, նախկին նախարարներու, պաշտօնական անձնաւորութեանց, հայկական եւ լիբանանեան կուսակցութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու։ Ձեռնարկը, որ միաժամանակ կը զուգադիպէր Պատրիարքարանի շրջաբակին կեդրոնը կանգնած Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողի 75-ամեակին, առիթ մըն էր ո՛չ միայն հերթական յարգանքի վկայութիւնը տալու օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, այլ վերահաստատելու Յուշակոթողին առջեւ խոնարհելու եկած հայորդիներուն եւ մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին յանձնառութիւնը՝ անսասան կամքով շարունակելու Հայութեան պահանջատիրական երթը մինչեւ Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն վերականգնումը։
Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ռուբինա Թովմասեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` յայտնելով, որ 24 ապրիլ 2014-ին բարձր կը հնչէ վերականգնումի զանգը «յատկապէս մեր` երիտասարդութեան մօտ: Մեր կամքը տոկուն է այսօր, ինչպէս մեր 75-ամեայ յուշակոթողը», շեշտեց ան եւ աւելցուց. «Կ'երդնունք չդադրեցնել մեր պայքարը, մինչեւ ստանանք մեր արդար իրաւունքը»:
Ապա խօսք առաւ Կարօ Մարաշլեան, որ արաբերէնով անդրադարձաւ Եղեռնի յուշակոթողին, որ լուռ վկան է հայ ժողովուրդի պատմութեան: Մարաշլեան յատկապէս Թուրքիոյ ուղղելով իր խօսքը` «չե՛նք մոռնար, չե՛նք վախնար ու չե՛նք մղուիր դէպի բրտութիւն ու ատելութիւն», յարեց ան:
Ապա խօսք առաւ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ անդրադարձաւ Քեսապի դէպքերուն` դատապարտելով Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը: Արաբերէն արտասանած իր խօսքին մէջ Եագուպեան ամփոփ պատմականը կատարեց Հայկական Հարցին` նշելով, որ անոր արմատները կ՛երկարին մինչեւ 1375, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումը, հասնելով մինչեւ Պերլինի վեհաժողովը եւ զայն կանխած Սան Ստեֆանոյի դաշնագիրը`1878-ին: «1915-ի գարնան Թուրքիա պատեհ առիթ գտաւ գործադրելու իր թուրանական երազը`Թուրքիան թուրքերուն կարգախօսով», ընդգծեց Եագուպեան: «Ժամանակն է, որ Թուրքիա ճշդէ իր կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան գծով եւ արդար հատուցում կատարէ», ըսաւ Վերա Եագուպեան:
Ապա հայ երիտասարդին խօսքը փոխանցեցին յաջորդաբար Արամ Գարատաղլեան (հայերէն) եւ Սինթիա Նաժժար (արաբերէն): Արամ Գարատաղլեան նշեց, որ 99 տարիներ ետք անիմաստ է ողբալը, անիմաստ է հայ նոր սերունդները զգացմունքային եւ չոր տեսութիւններով դաստիարակելը։ «Ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ երեւան պիտի ելլէ, բայց կ'ուզենք որ մե՛ր ձեռքով եւ մե՛ր օրերուն բացայայտուի ան», ըսաւ ան։ Սինթիա Նաժժար իր կարգին նշեց, թէ այսօր ողբի ու լացի օր չէ, այլ առիթ է տօնելու հայ ժողովուրդին գոյատեւելու, ապրելու եւ դիմակալելու ոգին։ Հայ ժողովուրդը փիւնիկի նման վերածնունդ ապրեցաւ, որովհետեւ անոր կամքը խրոխտ է։
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան: (Խօսքը ամբողջութեամբ՝ https://m.soundcloud.com/sibylla-malian-patchanian/antranig-granian-at-geitawi)
Ձեռնարկին աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
«Ապրիլ 24-եան հսկումները սովորաբար երիտասարդական նախաձեռնութիւններ ըլլլալով, երիտասարդնե՛ր, երիտասարդուհինե՛ր եւ պատանինե՛ր, խօսքս ուղղուած է յատկապէս ձեզի։
Հաւաքները որոնք տեղի կ՚ունենան այս օրերուն Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ Սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր անկիւնները անցնելով տագնապահար ու տառապահար միջին արեւելեան հայագաղութներէն:
Նաե՛ւ տասը միլիոն հայերու զօրաշարժը զոր կը նշմարենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, աւագ սերունդներու կողքին հայ երիտասարդութան առաջնորդութեամբ,
Ազգային պահանջատիրութեան սարդարապատեան ղօղանջները որոնց արձագանգը կը հնչէ համաշխարհային հրապարակերուն վրայ:
Իբրեւ հայկական պահանջատիրութեան յառաջապահ դրօշակակիր՝ Հայկական պետութեան ներկայութիւնը միջազգային բեմերուն վրայ,
Այս բոլորը կը վկայեն որ չարաչար սխալած էին բոլոր անոնք եւ առաջին հերթին օսմանեան պետութեան դահիճները, որոնք ժամանակին վրայ դրած էին բոլոր ժամանակներու մեծագոյն եղեռնագործութիւնը մոռացութեան տալու իրենց յոյսը։
այս բոլորը կը վկայեն որ անցած 100 տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղսպանութիւնը ո՛չ միայն չմոռցուեցաւ, այլ ցեղասպանուած ժողովուրդին ժառանգորդները տարիէ տարի աւելի մեծ թափով պահանջեցին անոր միջազգային ճանաչումը եւ Հայութեան բռնախլուած իրաւունքներուն վերականգնումը։
Այսօրուան այս զօրաշարժին մէջ նշանակալի դեր ունեցան Կարդինալ Աղաճանեաններուն կողմէ եւ անոնց օրինակով բարձրացուած աշխարհասփիւռ Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողները՝ մեծագոյնը Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին։
Պատահմամբ չէ որ զօրաշարժ կոչեցինք այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է այս օրերուն եւ որ վստահաբար պիտի շարունակուի։ Զօրաշարժը կ'ենթադրէ նախապատրաստութիւն պատերազմի։ Բայց մեր ակնարկութիւնը զինեալ պատերազմի մասին չէ, այլ տեղեկատուական, քարոզչական, յարաբերական, իրազեկման, իրաւական, դիւանագիտական, ապատեղեկատուութեան դէմ պատերազմին, զոր կոչուած էք մղելու յատկապէս դո՛ւք, երիտասարդներ։
Տարին անգամ մը ծաղկեպսակներ զետեղելէ ետք քառակերտ յուշակոթողներուն, դուք ամբողջ տարին պիտի դառնաք այս յուշակոթողներէն հնչող պատգամներուն արձագանգող կենդանի կոթողներ ամենուրեք, հոն ուր կը գտնուիք, ձեր միջավայրին մէջ։
Դուք, սիրելի երիտասարդներ, պիտի դառնաք մշտահունչ ղօղանջը հայկական պահանջատիրութեան»։
Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներու յիշատակը: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը` 75-ամեայ Յուշակոթողի կանգնեցման պատմականի մասին՝ պատրաստութեամբ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, մինչ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի կ'ընթերցէր երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանին պատգամը՝ արտասանուած ցեղասպանութեան 75-րդ տարելիցին առիթով Յուշակոթողի բացման արարողութեան ընթացքին։ Իսկ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Կարինէ Ներսէսեան`«Կռունկ» երգով եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ազգային երգերով, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: