Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2011 - Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն - Հաղորդագրութիւն


ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոն
Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ

 

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
 ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ
Կը վարէ
Դոկտ. Փրոֆ. ՃՈՒԼԻԵԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆ
Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական պետական համալսարան

Օր առաջին ` Շաբաթ, 21 Մայիս, 2011, առաւօտեան ժամը 9:30-1:30, Մեսրոոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ֆարաճեան սրահ, Պուրճ Համուտ
Թեմաներ`
1. Նախակրթարանի Ա. Բ.եւ Գ. դասարաններուն մէջ կարդալու կարողութիւններու զարգացման մեթոտական հնարները
2.  Բանաւոր խօսքի զարգացման մեթոտաբանութիւնը եւ բացատրական ընթերցանութեան մեթոտի կիրառումը` նախակրթարանին մէջ


Օր Երկրորդ ` Կիրակի, 22 Մայիս, 2011 առաւօտեան ժամը 9:30-1:30, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ֆարաճեան սրահ, Պուրճ Համուտ
Թեմաներ`
1. Կրտսեր դպրոցական տարիքի մանուկներու մանկավարժահոգեբանական օգնութեան հնարները
2. Ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու խնդիրներ:

Կը խնդրենք մասնակցելու ցանկութիւն ունեցողներէն կապուիլ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոն Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ` հեռաձայն` 01 570 555, 01 570559 [email protected]

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ